Monday May 20, 2013

Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Կրնայ Դարձեալ Քննուիլ Ֆրանսայի Մէջ

By adminx - Wed Aug 22, 7:50 am

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երկուշաբթի, 20 օգոստոսին յայտնեց, թէ չի բացառեր, որ Փարիզի մէջ դարձեալ քննուի Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու մասին օրինագիծ մը վաւերացնելու հարցը:

Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆապիւս պատասխանեց լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ Ֆրանսայի մէջ իբրեւ թէ կը խօսուի այն մասին, որ նման օրինագիծ այլեւս պիտի չներկայացուի խորհրդարան, հակառակ անոր որ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարած էր, թէ բանաձեւը պիտի վերադառնայ օրակարգ:

Իբրեւ պատասխան, Լորան Ֆապիւս նախ յիշեցուց, որ նախընտրական շրջանին նման յայտարարութիւններ կատարած են թէ՛ Նիքոլա Սարքոզին եւ թէ Հոլանտը, ապա աւելցուց. «Կը հաւատամ, որ կը գտնուին լուծումներ, որոնք զուրկ են զգացականութենէ»` չհերքելով նոր օրինագիծի մը հաւանականութիւնը:

Ֆրանսայի խորհրդարանն ու ծերակոյտը վաւերացուցած էին ցեղասպանութիւններու, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը, սակայն անցած 29 փետրուարին, Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը օրինագիծը ոչ սահմանադրական նկատած էր:

 

Leave a Reply

Advertisement