Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղէ Օպամային Եւ Ռոմնիին` Հանդիպելու Ամերիկահայութեան Ներկայացուցիչներուն
By adminx - Wed Aug 22, 7:47 am
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուներ Միթ Ռոմնիին եւ Պարաք Օպամային ամերիկահայերը յուզող խնդիրներուն վերաբերեալ յստակօրէն յայտնելու իրենց դիրքորոշումներն ու տեսակէտները:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ յանձնախումբը թեկնածուներէն խնդրած է նաեւ անհատական հանդիպում ունենալ ամերիկահայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդներուն հետ:
Պարաք Օպամային հասցէագրուած նամակին մէջ յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան նշած է, որ վերջին երեքուկէս տարիներուն ընթացքին նախագահին` ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ անձամբ խորհրդակցելու շուրջ ձախողումները «անառողջ» իրավիճակներ ստեղծած են թէ՛ ամերիկեան ժողովրդավարութեան, թէ՛ դիւանագիտութեան զարգացման համար:
Իսկ թեկնածու Միթ Ռոմնիին հասցէագրուած նամակին մէջ Քեն Խաչիկեան գրած է հետեւեալը. «Յարգելի՛ նահանգապետ Ռոմնի, ազգային համայնքներու ղեկավարներուն ներկայացուցչական խումբի հետ անհատական հանդիպումը կարելիութիւն պիտի տայ կիսել ձեր տեսակէտները, մանրամասնել ձեր առաջնահերթութիւնները եւ մեզի հետ ուսումնասիրել այն ուղիները, որոնցմով կրնանք միասին աշխատիլ յառաջիկայ տարիներուն: Նշելով ձեր տեսակէտները եւ դիրքորոշումները` դուք կրնաք օգնել եւ ոգեւորել ամերիկահայերը այս նոյեմբերին մասնակցիլ ընտրութիւններուն` արդէն իսկ լիովին ծանօթ ըլլալով մեր երկրին առջեւ դրուած կարեւոր խնդիրներուն»:
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print



