Պապ Թըպպանէ – Ժապալ Մըհսեն Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ
By adminx - Wed Aug 22, 7:40 am
- 0 Comments
- 115 views
- Tweet
Email
Print
Անցեալ շաբաթավերջին Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ վերսկսած զինեալ բախումները երէկ հասան իրենց գագաթնակէտին:
Նախանցեալ երեկոյեան աւելի լուրջ թափ ստացած զինեալ բախումները եւ արձակազինութիւնը մերթ ընդ մերթ կը հանդարտէին` պատճառելով զգուշաւոր լռութիւն, սակայն Թրիփոլիի ամայացած փողոցներուն մէջ յանկարծ կը բռնկէին անոնք, այս անգամ սակայն վերածուելով նռնականետերով, «Պէ. 7» տիպի ռումբերով եւ հրասանդերով արձանագրուող զինեալ բախումներու:
Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձանագրուած այդ բախումները երէկ պատճառեցին 7 զոհեր, ինչպէս նաեւ վիրաւորեցին 36 ուրիշներ, որոնցմէ 10-ն զինուորներ եւ սպայ մը, որոնք բոլորը փոխադրուեցան շրջանին մօտակայ հիւանդանոցները` բժշկական խնամք ստանալու:
Լիբանանեան բանակը, որ նախանցեալ երեկոյեան արդէն իսկ դիրքաւորուած էր Թրիփոլիի թաղամասերուն մէջ, հակադարձեց արձակուող փամփուշտներուն` նպատակ ունենալով բախումները կասեցնել, սակայն բանակին փորձերը ապարդիւն դուրս եկան:
Այդ բախումներուն ընթացքին օգտագործուած ռումբերն ու փամփուշտները նիւթական հսկայական վնասներ պատճառեցին` հրկիզելով շրջանին մէջ գտնուող վաճառատուներն ու բնակարանները:
Բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ բանակը նախանցեալ գիշերուընէ արդէն իսկ դիրքաւորուած է Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ եւ ապահովական իր քայլերուն կը դիմէ` ներխուժումներ կատարելով զինեալներուն թաքստոցները, ինչպէս նաեւ պատասխանելով կրակոցներուն:
Բանակին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 5 զինուորներ վիրաւորուած են բախումներուն պատճառով, իսկ 5 ուրիշներ վիրաւորուած են, որովհետեւ Պաքքարի մէջ դիրքաւորումի պահուն անոնց վրայ ձեռնառումբ մը նետուած է:
Ըստ հաղորդագրութեան, բանակը յաջողած է գրաւել մեծ թիւով գնդացիրներ, ձեռնառումբեր եւ զինամթերք, որոնք յանձնուեցան համապատասխան կառոյցներուն:
Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները սաստկացան երէկ երեկոյեան, երբ լիբանանեան բանակը յաւելեալ ուժեր կանչեց` կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու նպատակով:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ներկայութեամբ Պապ Թըպպանէն ներկայացնող անձնաւորութիւններուն:
Հանդիպումէն ետք կոչ ուղղուեցաւ վերջ տալու զինեալ բախումներուն:
Երեսփոխան Քապպարա յայտնեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն այդ բախումները, որոնց նպատակները յստակ են, եւ իրենք կը մերժեն ենթարկուիլ այս կասկածելի ծրագիրին:
Քապպարա անհրաժեշտ նկատեց, որ բանակը պահպանէ Պապ Թըպպանէի ապահովութիւնը եւ ձերբակալէ անոնք, որոնք նախայարձակ եղան իրենց կրակոցներով, դատավարութեան ենթարկէ զանոնք եւ բացայայտէ անոնց նեցուկ կանգնող կողմերը:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի ըսաւ. «Մնայուն կերպով զգուշացուցած ենք, որ պէտք է չներքաշուիլ Լիբանանի շուրջ բռնկող հրդեհներուն մէջ, սակայն յստակ է, որ կան կողմեր, որոնք կը փափաքին Լիբանանը այդ տագնապին մէջ մխրճել»: Ան կոչ ուղղեց Թրիփոլիի խաղաղասէր բնակիչներուն չարտօնելու, որ զիրենք առաջնորդեն այնպիսի բախումներու եւ ճակատումներու, ուր միայն սպանութիւն եւ քանդում կայ: Ան կոչ ուղղեց նաեւ անոնց, որպէսզի այլոց կռիւին մէջ օգտագործուող զինամթերքի չվերածուին:
Միքաթի բանակէն եւ ապահովական կառոյցներէն պահանջեց ամէն ջանք ի գործ դնել` զինեալ այս բախումներուն վերջ տալու նպատակով:
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ շուրջ ժամը 8:30-ին, լիբանանեան բանակը շրջափակեց Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաթ Ալի Իտի բնակարանը` Ժապալ Մըհսենի մէջ: Կէս գիշերէն ետք «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բանակը պիտի շարունակէ շրջափակուած պահել Իտի բնակարանը, մինչեւ որ յանձնուի այդ բնակարանին մէջ ապաստանած պահանջուած անձ մը, որ ռումբ մը նետած էր` պատճառ դառնալով սպայի մը եւ քանի մը զինուորներու վիրաւորուելուն:
- 0 Comments
- 115 views
- Tweet
Email
Print



