Սլէյման Դատապարտեց Առեւանգումները
By adminx - Wed Aug 22, 7:38 am
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն բերման գիրեր յղելու բոլոր անոնց հասցէին, որոնք առեւանգումներ կատարած են, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց ապահովական ուժերուն` ազատ արձակելու առեւանգեալները:
Նախագահ Սլէյման ցաւ եւ խոր յուզում յայտնեց, որովհետեւ առեւանգուած լիբանանցիները իրենց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն հետ չկրցան նշել Ֆիթրի տօնը:
Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն ճիգ չխնայելու` ազատ արձակելու համար առեւանգուած լիբանանցիները:
Նախագահ Սլէյման միաժամանակ դատապարտեց լիբանանցիներուն կողմէ սուրիական եւ թրքական հպատակութիւն ունեցող քաղաքացիներուն առեւանգումը` զանոնք լիբանանցիներուն հետ փոխարինելու նպատակով: «Այս միջոցը հարցը լուծելու փոխարէն կը բարդացնէ զայն», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Լիբանանի վկայած իրադարձութիւնները ընդվզեցուցած են զինք:
Հանրապետութեան նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզի հետ եւ կոչ ուղղեց անոր զսպելու տեղեկատուական մարզին սանձարձակութիւնը: Ան հաստատեց, որ կարելի չէ մարդոց արժանապատուութիւնը եւ զգացումները ծաղրանքի առարկայ դարձնել:
Միւս կողմէ, Պէյթէտտինի ամարանոցին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց երկրին կրթական համակարգը, ինչպէս նաեւ որդեգրուած միջոցառումները` սկսելու համար կրթական նոր տարեշրջանը:
Պէյթէտտինի պալատին այցելուներէն եղան նաեւ Երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի, Ազատութեան ճակատ կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Ապու Նատեր եւ շարք մը լրագրողներ:
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print




