Ռուսիա Եւ Չինաստան Արեւմուտքը Կը Զգուշացնեն Սուրիոյ Հարցին Մէջ ՄԱԿ-ը Շրջանցելէ
By adminx - Wed Aug 22, 7:31 am
- 0 Comments
- 64 views
- Tweet
Email
Print
Մինչ Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ իրենք Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը շրջանցելով պիտի գործեն, Ռուսիա եւ Չինաստան Արեւմուտքը զգուշացուցին խորհուրդը շրջանցելով Սուրիոյ մէջ ինքնագլուխ միջոցառումներու դիմելէ:
Vz.ru հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարած է, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ պիտի գործէ` շրջանցելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, որովհետեւ վստահ չէ, թէ խորհուրդի անդամները կրնան սուրիական տագնապի լուծման հարցին շուրջ համաձայնութեան գալ:
«Ներկայիս մենք բաւական յոռետես ենք Ապահովութեան խորհուրդին մէջ մեծ յաջողութեան հասնելու հեռանկարին նկատմամբ, որովհետեւ անոր (խորհուրդին «Ա.») ջանքերը որոշ մնայուն անդամներու կողմէ արգելակուած են», ըսած է ան` ակնարկելով Ռուսիոյ եւ Չինաստանին, որոնք Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած վերջին բանաձեւը վեթոյի ենթարկած էին:
Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն աշխատիլ նախկին օրակարգով` Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւններու դադրեցման ու քաղաքական փոփոխութիւններու հասնելու համար, եւ «եթէ պահանջուի` պիտի գործենք ՄԱԿ-ի շրջանակներէն դուրս»:
Նուլընտ ըսած է, որ «մեր յստակ կեցուածքը այն է, թէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը պիտի չիրականանայ, եթէ Ասատ իշխանութենէն չհեռանայ եւ արեան բաղնիքները չդադրեցնէ: Մենք (ՄԱԿ-ի) յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ մեր պատկերացումին վերաբերեալ յստակ պիտի ըլլանք, սակայն արդար ըլլալու համար ան պէտք է իր առաքելութեան սկսի եւ իր տեսակէտը անձամբ ներկայացնէ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երկուշաբթի օր նախազգուշացուցած է, որ Դամասկոսի կողմէ քիմիական կամ կենսաբանական զէնքի օգտագործումը կրնայ փոխել Ուաշինկթընի դիրքորոշումը այդ երկրի ներքին տագնապին զինեալ միջամտութիւն ցուցաբերելու հարցին շուրջ:
Ան նշած է, որ տակաւին ներխուժման վերաբերեալ հրամաններ չէ տուած: «Մեզի համար վերջին կէտը պիտի դառնայ քիմիական զէնքի օգտագործումը: Ատիկա կրնայ փոխել իմ հաշիւներս», ըսած է Օպամա:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ իր կարգին երէկ սուրիական վարչակարգը զգուշացուց ըմբոստներուն դէմ իր կռիւներուն ընթացքին քիմիական զէնքեր օգտագործելէ` նշելով, որ այդ արարքին հետեւանքները «Սուրիոյ եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի համար շատ մեծ պիտի ըլլան»: Ան սուրիական վարչակարգէն պահանջեց «կրակի հետ չխաղալ»:
Ան նաեւ սուրիական կառավարութենէն պահանջեց նախանձախնդիր ըլլալ, որ նշեալ զէնքերը «սխալ ձեռքերու մէջ չիյնան»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Արեւմուտքը Սուրիոյ մէջ ինքնագլուխ միջոցառումի դիմելէ զգուշացնելով յայտարարեց, որ «Ռուսիա եւ Չինաստան համաձայն են միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի ուխտի որեւէ բռնաբարում չարտօնել»:
Ան չինացի պատուիրակ Տայ Պինկուոյի հետ իր հանդիպումէն ետք ըսաւ, որ «ռուսական եւ չինական դիւանագիտական համագործակցութիւնը հիմնուած է միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի ուխտին մէջ նշուած արժէչափերուն խիստ յարգումին վրայ եւ չարտօնելու անոնց բռնաբարումը»:
Լաւրով յայտնեց, որ «Ռուսիա Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի եւ ազգային հաշտութեան կը զօրակցի»` նշելով, որ «Ռուսիոյ կարծիքով օտար պետութիւնները երկխօսութեան սկսելու պայմաններու պատրաստութեամբ պէտք է բաւարարուին»:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ իր երկիրը անհերքելի փաստեր ունի, թէ սուրիական ընդդիմութեան արեւմտեան արտադրութեամբ նոր զինամթերք կը մատակարարուի:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը կը սպասէ «ՄԱԿ-էն դրական միջամտութեան մը եւ դրացի ու բարեկամ Ռուսիայէն դրական կեցուածքի մը` Սուրիոյ մէջ մարդասիրական ողբերգութեան վերջ տալու համար»: Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ դէպքերը կարելի չէ ներքին կամ շրջանային տագնապ նկատել, այլ` միջազգային տագնապ մը, որ դրացի երկիրներուն կը սպառնայ»` նշելով, որ «երբ գաղթականներուն թիւը հարիւր հազարը կ՛անցնի, ապա հարցը գաղթականներու հոսքէն հաւաքական արտագաղթի կը վերածուի»:
- 0 Comments
- 64 views
- Tweet
Email
Print




