Wednesday Jun 19, 2013

Այնթապի Մէջ Ականուած Ինքնաշարժի Մը Պայթումը 9 Զոհ Կը Խլէ

By adminx - Wed Aug 22, 7:30 am

Այնթապի պայթումին վայրը

Այնթապի մէջ ոստիկանատան մը մօտ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ: Այնթապի կառավարիչ Էրտալ Աթա յայտնեց, որ արձանագրուած է 8 զոհ եւ 60 վիրաւոր: Զոհերուն թիւը հետագային բարձրացաւ 9-ի: Ականուած ինքնաշարժը պայթեցուած է հեռավարով:

Ոչ մէկ կողմ ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը, սակայն Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Էօմեր Չելիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրեց, որ «ՔԱԿ… քաղաքային բնակչութիւնը թիրախ դարձնելով` կը փորձէ մեր քաղաքացիները գրգռել: Մեր քաղաքացիները պէտք է պաղարիւն մնան»:

Թրքական իշխանութիւնները Սուրիոյ սահմանին մօտ գտնուող Այնթապի մօտ հաստատած են սուրիացի գաղթականներու ճամբարը: Իշխանութիւնները այն կասկածը ունին, որ ականահարումը ՔԱԿ-ի հետ կապեր ունեցող Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան գործն է:

Աւելի ուշ, ՔԱԿ հերքեց Այնթապի պայթումին հետ որեւէ առնչութիւն ունեցած ըլլալը:

Leave a Reply

Advertisement