Tuesday May 21, 2013

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Նորվեկիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչը

By adminx - Wed Aug 22, 7:28 am

Կիրակի, 19 օգոստոսի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի վանքին մէջ հանդիպում ունեցաւ տոքթ. Թրոնդ Պագեւիգին հետ, որ Լիբանան այցելած էր իբրեւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Նորվեկիոյ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը: Անոր այցելութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն ու յատկապէս` Սուրիոյ կացութեան եւ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Յայտնենք, որ տոքթ. Պագեւիգ մօտէն ծանօթ է վեհափառ հայրապետին` իբրեւ նախկին անդամ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան եւ խորհուրդի միջազգային յարաբերութեան յանձնախումբին:

Վեհափառը լայնօրէն պարզեց իր հիւրին քրիստոնեայ համայնքներուն մօտեցումը շրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն ու շարժումներուն նկատմամբ: Ան շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը սերտացնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի դառնայ միասնաբար քննել ու ծրագրել Միջին Արեւելքի ապագան: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ քրիստոնեայ համայնքները կապուած կը մնան Միջին Արեւելքին, հակառակ իրենց դիմագրաւած լուրջ մտահոգութիւններուն:

 

 

Leave a Reply

Advertisement