Friday May 24, 2013

Գրական «Կոնքուր» Մրցանակի «Արեւելեան Ընտրութիւնը»` Լիբանանի Մէջ

By adminx - Wed Aug 22, 7:19 am

Պէյրութի ֆրանսական գիրքի ցուցահանդէսի աշխատանքներուն ծիրին մէջ, Ֆրանսախօս  երկիրներու համալսարանականներու գրասենեակին հետ գործակցութեամբ, Լիբանանի մէջ Ֆրանսական մշակութային կեդրոնը կը ծրագրէ գրական  նոր մրցանակ մը` «Կոնքուրի ցանկ- արեւելեան ընտրութիւնը» անունով: Այս նպատակով, Ֆրանսական մշակութային կեդրոնը այս տարի Լիբանան կը հրաւիրէ «Աքատեմի Կոնքուր»-ի անդամները Պէյրութի ֆրանսական գիրքի ցուցահանդէսին ժամանակ, որ կը նկատուի աշխարհի երրորդ կարեւորագոյն ցուցահանդէսը Փարիզէն եւ Մոնրէալէն ետք, եւ որ տեղի պիտի ունենայ 26 հոկտեմբերէն 4 նոյեմբեր 2012` «Պիել»-ի մէջ:

Աշխատանքի ձեւը հետեւեալն է. Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի տարբեր համալսարաններուն մէջ կազմել ուսանողական ժիւրիներ, որոնք միասնաբար գործակցելով պիտի ընտրեն «Աքատեմի Կոնքուր»-ի ընտրած գիրքերէն մէկը` որպէս մրցանակակիր:

Ուսանողական ժիւրիներու եւ «Աքատեմի Կոնքուր»-ի միացեալ ժողովները տեղի պիտի ունենան Պէյրութի մէջ, եւ «Արեւելեան ընտրութեան» մրցանակակիրը պիտի յայտարարուի 31 հոկտեմբերին` «Աքատեմի Կոնքուր»-ի անդամներու եւ միջազգային լրատուական գործակալութիւններու ներկայութեամբ:

«Արեւելեան ընտրութիւնը» այս տարի պիտի նախագահէ լիբանանցի գրագիտուհի Հիամ Եարետ` փոխնախագահութեամբ բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ «Սաֆիր» օրաթերթի լրագրող` Իսքանտար Հապաշի:

«Աքատեմի Կոնքուր»-ը Լիբանան պիտի փոխադրուի գրեթէ ամբողջական անձնակազմով: Ներկայ պիտի ըլլան նախագահուհի Էտմոնտ Շարլ Ռու, Ռեժի Տըպրէյ, Տիտիէ Տեքուեն, Թահեր Պեն Ժալլուն, Փիեռ Ասուլին եւ Պեռնար Փիվօ:

Մրցանակ Մը` Գիրքին Հետաքրքրութիւնը
Վերականգնելու
Նպատակով

Ուսանողներուն ապաւինելով` այս մրցանակին նպատակն է վերակենդանացնել ընթերցանութիւնը եւ գիրքի վաճառականութիւնը Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս ֆրանսերէն գիրքերու պարագային:

«Արեւելեան ընտրութեան» 2012-ի մրցանակակիրը 2013-ին Լիբանան կը հրաւիրուի, եւ իւրաքանչիւր տարի մրցանակակիրը նուէր կը ստանայ իր գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը: Այս ծրագիրը կը նկատուի շրջանային աննախընթաց երեւոյթ մը: Իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 6 երկիրներ (Լիբանան, Յորդանան, Պաղեստին, Իրաք, Սուրիա, Եգիպտոս), 13 համալսարաններ եւ մօտաւոր 16 ուսանողական ժիւրիներ (տրուած ըլլալով, որ կարգ մը համալսարաններ, ինչպէս` Լիբանանեան համալսարանը, պիտի ներկայանան մէկէ աւելի ժիւրիներով):

Այսպիսով, Պէյրութ անգամ մը եւս շատ կարեւոր դեր կը  խաղայ ֆրանսախօս երկիրներու մշակութային կեանքին մէջ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապուիլ Լիբանանի Ֆրանսական մշակութային կեդրոն- Ֆրանսախօս համալսարաններու շրջանային գրասենեակ` Մարիէլ Սալլումի եւ Ժիւլնար Մալեքի հետ.

marielle.salloum@diplomatie.gouv.fr
julnar.malek@auf.org
Հեռաձայն` 00961/1/420205, կամ 00961/1/420269
«Արեւելեան ընտրութեան» համացանցային պլոկ` http://lechoixdelorient.blogspot.com

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement