Wednesday Jun 19, 2013

Իսլամներու Ղեկավար Շէյխը Կրօնական Հրամանագիր Արձակած Է` Դատապարտելով Հայեր Ջարդած Թուրքերը

By adminx - Wed Aug 22, 5:40 am

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջերս անսպասելիօրէն ձեռքս անցաւ իսլամական չափազանց կարեւոր փաստաթուղթ մը, որ խստօրէն կը դատապարտէ թուրքերը` կրօնքի քողին տակ հայ քրիստոնեաներ սպաննած ըլլալնուն համար:

Այս բացառիկ փաստաթուղթը կրօնական հրամանագիր (ֆաթուա) է, որ արձակուած է 1909 թուականի մայիսին, Եգիպտոսի Մեծն շէյխ Սալիմ Պըշրիի կողմէ, եւ որ կը դատապարտէ թուրք մահմետականները` Օսմանեան կայսրութեան մեծ քաղաքներէն մէկուն` Ատանայի մէջ, 30 հազար հայեր կոտորելու յանցանքով:

«Ազհար» մզկիթի շէյխ Պըշրին` Գահիրէի մէջ Մահմետական աշխարհի իսլամական հետազօտութիւններու նշանաւոր կեդրոնի ղեկավարը, այս հրամանագիրը արձակած է` առ ի հակազդեցութիւն 1909-ի ապրիլին թուրք միւֆթիին (կրօնական առաջնորդ) արձակած հրամանագիրին, որով վերջինս թուրքերուն կոչ ուղղած է` սպաննելու հայերը, քանի որ` «անոնք դէմ էին մահմետականներուն եւ Աստուծոյ»:

Համացանցի վրայ պատահաբար տեսնելով եգիպտական կրօնական հրամանագիրի յիշատակումը` կապ հաստատեցի հայոց պատմութեան մասնագէտ փրոֆ. Մոհամմետ Ռիֆաաթ Իմամի հետ, որուն հանդիպած էի վերջերս Գահիրէ կատարած այցելութեանս ընթացքին: Դոկտ. Իմամ սիրով ինծի ուղարկեց այս կարեւոր կրօնական փաստաթուղթի արաբերէն բնագիրը, որմէ, առաջին անգամ ըլլալով, թարգմանաբար հատուածներ կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Տեղական թերթերու մէջ տեսած ենք զարհուրելի լուրեր եւ նողկալի զեկոյցներ` Օսմանեան կայսրութեան շարք մը գաւառներու մահմետականներուն մասին, որոնք յարձակած են քրիստոնեաներու վրայ եւ գազանաբար սպաննած զանոնք: Մենք չէինք կրցած հաւատալ այդ զեկոյցներուն եւ յոյս ունէինք, որ անոնք անճիշդ դուրս կու գան, քանի որ իսլամութիւնը կ՛արգիլէ վայրագութիւնը, բռնութիւնները, արիւնահեղութիւնը եւ մարդկանց վնաս հասցնելը` անկախ անկէ, թէ անոնք մահմետական են, քրիստոնեայ թէ հրեայ:

«Ո՜հ, մահմետականնե՛ր` տարածաշրջանի մէջ եւ այլուր ապրող, զգուշացէ՛ք գործողութիւններէ, որոնք արգիլուած են Ալլահին (Աստուած-Խմբ.) կողմէ` Իր «Շարիաա»-ով (Իսլամական օրէնքը), եւ խնայեցէք այն արիւնը, զոր Ալլահ կ՛արգիլէ թափելը, եւ մի՛ մեղանչէք մէկու մը հանդէպ, քանի որ Ալլահ չի սիրեր նախայարձակները®

«Ըստ Ալլահի պատուիրանին, ձեր պարտքն է Ahlul Dhimma-ի (հրեայ եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները, որոնք պաշտպանուած են իսլամական օրէնքով) այն մարդկանց հանդէպ, որոնք կապուած են ձեզի հետ, որոնք իրենց անվտանգութիւնը վստահած են ձեզի, եւ որոնք կը բնակին ձեզի հետ եւ ձեր կողքին` բարձրացնել զանոնք, ինչպէս կը բարձրացնէք դուք ձեզ, պաշտպանել զանոնք այն բոլորէն, ինչէն կը պաշտպանէք դուք ձեզ եւ ձեր ազգականները, ձեր ուժը դարձնէք անոնց ուժը, հպարտանաք ու բարգաւաճիք ձեր ուժով եւ պաշտպանէք անոնց վանքերն ու եկեղեցիները, ինչպէս կը պաշտպանէք ձեր մզկիթներն ու տաճարները: Ան որ կը վիրաւորէ անոնց կիները, սուր կը քաշէ անոնց վրայ եւ կը ճնշէ զանոնք, ան կը ժխտէ Ալլահին տրուած իսլամներու խոստումը, որ մահմետականներուն պարտաւորութիւնն է:

«Իմացէ՛ք, որ եթէ այն, ինչ որ  հասարակութիւնը կը լսէ ճշմարիտ է, ապա դուք զայրացուցած էք ձեր Ալլահը եւ չէք գոհացուցած ձեր մարգարէն ու Շարիաաթը: Դուք ձեր մահմետական եղբայրները հեռացուցած էք իրենց կրօնքէն, որուն մերժումը սոսկալի դարձած է այս նողկալի արարքով` խախտելով այն, ինչ որ արգիլուած է, եւ դուք ձեր կրօնքէն անտեղեակ մարդկանց լեզուները արձակած էք` սոսկալի բառեր ըսելու համար բոլոր մահմետականներուն դէմ:

«Ուրեմն լսեցէ՛ք, թէ ի՛նչ ըսած է ձեր մարգարէն նման իրավիճակներու մասին, որոնց մէջ դուք յայտնուած էք այժմ: Ան ըսած է. «Ան, որ կը սպաննէ դաշնակից անձ մը (անձ, որ ըստ համաձայնագիրի` միացած է իսլամին, օգնութեան եւ աջակցութեան նպատակով), պիտի չզգայ Դրախտին բուրմունքը, եւ եթէ նոյնիսկ զգայ զայն, ապա ատիկա պիտի ըլլայ 40 տարուան հեռաւորութենէ»: Ան նաեւ ըսած է. «Այն անձը, որ կը մերժէ Dhimmi մը (հրեայ կամ քրիստոնեայ փոքրամաuնութեանց պատկանող անձ), պիտի մտրակուի կրակի ճիրաններուն մէջ, Ահեղ դատաստանի օրը»:

Այս փաստաթուղթով ամբողջութեամբ պարզ կը դառնայ, որ 1909-ի հայկական կոտորածները եւ անոնց յաջորդած 1915-ի Ցեղասպանութիւնը մահմետական թուրքերու եւ հայ քրիստոնեաներու միջեւ եղած կրօնական բախումի հետեւանք չէին: «Ազհար»-ի Մեծն շէյխը արդարացիօրէն դատապարտած է թուրքերը` հայերու դէմ գործադրուած զանգուածային կոտորածին համար, որ գործադրուած է ցեղապաշտական փանթուրքական, այլ ոչ թէ փանիսլամական նկատառումներով` հայկական հողերն ու կալուածները գրաւելու մտադրութեամբ: Թուրք միւֆթիներու կողմէ արձակուած տարբեր «ֆաթուա»-ները նպատակ ունէին հրահրել մոլեռանդ թուրք խուժանները` յարձակելու եւ սպաննելու անմեղ հայերը:

Շէյխ Պըշրիի 1909 թուականի կրօնական հրամանագիրը հետագային` 1917 թուականին ամրապնդուած է, Մաքքայի Շարիֆ էլ Հուսէյն պըն Ալիի արձակած հրովարտակով, որ կը հրամայէր բոլոր մահմետականներուն` պաշտպանել հայերը եւ «ապահովել այն ամէնը, ինչի կարիքը կրնան ունենալ անոնք® որովհետեւ անոնք մահմետականներու «Պաշտպանուած ազգ»-ն են, որոնց մասին մարգարէ Մոհամմետը ըսած է. «Ան որ նոյնիսկ պարան կը գողնայ անոնցմէ, ես պիտի ըլլամ անոր հակառակորդը, Ահեղ դատաստանի օրը»:

2009-ին, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ «Իսլամները ցեղասպանութիւն չեն գործեր», ան մասամբ միայն ճիշդ էր: Ան պէտք է ըսէր. «Լա՛ւ իսլամները ցեղասպանութիւն չեն գործեր»: Երիտթուրքերու կուսակցութեան ղեկավարները, որոնք 1915-ին գործադրեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը հաւատացեալ իսլամներ չէին` դատած իսլամական սուրբ գիրքի` Քուրանի ուսմունքներէն: Անոնք պարզապէս ոճրագործներ էին, որոնք իսլամութիւնը իբրեւ յարմար պատրուակ կ՛օգտագործէին` զանգուածային ջարդեր իրականացնելու համար: «Ազհար»-ի Մեծն շէյխի կարեկցող «ֆաթուա»-ն այսօր ալ տակաւին ճշմարիտ կը հնչէ, մանաւանդ այս օրերուն, երբ իսլամական աշխարհը նշեց «Ռամատան»-ի աւարտը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Leave a Reply

Advertisement