Saturday May 25, 2013

Ամանոսի Եւ Շրջակայից Հայրենասիրական Միութեան Տարեկան Ձեռնարկ

By adminx - Wed Aug 22, 5:34 am

5 օգոստոս 2012-ին Քլէյաաթի «Ֆուատ Ռումիէ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանոսի եւ շրջակայից հայրենասիրական միութեան տարեկան ձեռնարկը, որ կը զուգադիպէր 5 օգոստոս 1920-ին Ամանոսեան լեռնաշղթայի վրայ Ամանոսի ինքնավար հռչակման 92-րդ ամեակին:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց միութեան փոխատենապետ տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` հաստատելով, որ անգամ մը եւս, իբրեւ ամանոսցի հայրենակիցներ, հաւաքուած ենք, ըստ մեր աւանդութեան, տօնակատարելու համար Ամանոսի ազատ հռչակման տարեդարձը:

Տոքթ. Փանոսեան յայտնեց նաեւ, որ երկու տարի ետք կ՛ամբողջանայ Ամանոսի եւ շրջակայից հայրենասիրական միութեան Լիբանանի մէջ հիմնադրութեան 90-ամեակը, եւ վարչութիւնը որոշած է մեծ շուքով նշել այդ առիթը:

Ապա տոքթ. Փանոսեան բեմ հրաւիրեց միութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանը, որ վարչութեան խօսքը փոխանցէ հայրենակիցներուն:

Յակոբ Քէշիշեան ըսաւ, որ հաւաքին նպատակն է տօնել Ամանոսի անկախ ինքնավարութիւն հռչակման 92-ամեակը եւ վերյիշել մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որոնք ջարդէն ու Ցեղասպանութենէն ետք, հերոսաբար դիմադրելով բազում տեսակի դժուարութիւններու եւ զրկանքներու, սփիւռքի զանազան երկիրներուն մէջ տէր կանգնեցան հայկական աւանդութիւններուն, պայքարեցան ու վերապրեցան հայու կամքով եւ հայավայել կերպով:

Հիմնեցին միութիւններ` օգտակար դառնալու համար ջարդէն մազապուրծ ազատած հայրենակիցներու: Շինեցին եկեղեցիներ, որպէսզի հայուն հաւատքը ամուր մնայ:

Եւ հակառակ անոր որ անոնցմէ մէկ մեծ մաս մը նոյնիսկ հայերէն չէր խօսեր, անոնք կերտեցին հայ դպրոց, որպէսզի հայ մանուկն ու պատանին հայերէն սորվին ու հայ մեծնան:

Այսօրուան մեր գոյութիւնը կը պարտինք օրին առնուած այդ քայլերուն, ըսաւ Յ. Քէշիշեան` աւելցնելով, որ այժմ, երբ օտարամոլութիւնը, ձուլման վտանգն ու յոռի բարքերը մեզի հետ ամէնօրեայ դրացիներ են եւ մեր շուքին պէս կը հետեւին մեզի, ներելի չէ թուլանալը, եւ երբեք ներելի չեն տեղի տալն ու պարտուիը:

Ապա միութեան ատենապետը կոչ ուղղեց հայրենակիցներուն` յիշել եւ գնահատել մեր նախորդները, անոնց կրած բոլոր տեսակի զրկանքները, ունեցած գոյատեւելու դժուարութիւնները եւ չմոռնալ դժուարութիւններու դիմաց անոնց ունեցած աննկուն կամքն ու ամուր հաւատքը եւ ըստ այնմ ապրիլ  հայօրէն, պայքարիլ հայօրէն, գուրգուրալ մայրենի լեզուին, տէր կանգնիլ հայկական աւանդութիւններուն ու զանոնք փոխանցել մեր զաւակներուն, որովհետեւ պատասխանատու ենք մեր բոլոր արարքներուն:

Խօսքի աւարտին Յ. Քէշիշեան ողջունեց բոլոր ամանոսցիները, աշխարհի որ ծայրն ալ որ  գտնուին անոնք, ինչպէս նաեւ ողջունեց հայ ազգի բոլոր զաւակները` Լիբանանէն մինչեւ Ամերիկաներ, Քանատա, Աւստրալիա եւ Հայաստան:

Այս առթիւ Ամանոսի եւ շրջակայից հայրենասիրական միութիւնը պարգեւատրեց նախապէս միութեան վարչական կազմերու մաս կազմած երեք հայրենակիցներ, որոնց համար հաճելի անակնկալ մըն էր այս քայլը:

Արդարեւ, միութեան ատենապետին` Յակոբ Քէշիշեանի ձեռամբ յատուկ յուշատախտակներով պարգեւատրուեցան` Յովսէփ Քէշիշեան (վարչութեան անդամ` 1954-1993), Գէորգ Մկրտիչեան (վարչութեան անդամ` 1993-2012) եւ Ալպեր Ասողլեան (վարչութեան անդամ` 1986-1993):

Ինչպէս նաեւ իր աբեղայական ձեռնադրութեան առթիւ վարչութեան անունով շնորհաւորական յատուկ յուշատախտակ մը յանձնուեցաւ ամանոսցի հայրենակից Պարոյր աբղ. Շէրնէզեանին:

Պարգեւատրեալներէն Յովսէփ Քէշիշեան եւ Պարոյր աբեղայ փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը ներկաներուն:

Պարգեւատրման հանդիսութենէն ետք ծայր առաւ խրախճանք մը, որ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր:

Այս առթիւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ` Ամանոսի եւ շրջակայից հայրենասիրական միութեան:

Leave a Reply

Advertisement