50 Տարի Առաջ ( 22 Օգոստոս 1962 )
By adminx - Wed Aug 22, 5:31 am
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print
Կեանքը Քեսապի Մէջ
(Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Այս տարի բացառիկ եռուզեռ կը տիրէ Քեսապի մէջ: Ամէն կողմէ գիւղագնացներ հաւաքուած են հոս: Իրաքցի եւ օտար զբօսաշրջիկներու թիւը զգալապէս աւելցած է: Այս օրերուս հինգ պանդոկներն ալ լեցուն են:
Նախագահ Նազեմ Քուտսիի Այցը
Ինչպէս յայտնի է ընթերցողներուն, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ` տոքթ. Նազեմ Քուտսի այցելեց Սուրիոյ զանազան քաղաքները` անձամբ բաշխելու համար շրջանաւարտ սպաներու վկայականները: Այսպիսով, Հոմսի մէջ բաշխեց ցամաքային, Հալէպի մէջ օդային, եւ Լաթաքիոյ մէջ ալ ծովային ուժերու շրջանաւարտներուն վկայականները: Ամէնուրեք նախագահը արժանացաւ խանդավառ ընդունելութեան եւ ջերմ սիրոյ:
Ըստ յայտագրին, նորին վսեմութիւնը օգոստոս 1-ին պիտի երթար Համա` Մուհարտէի ամբարտակին բացումը կատարելու համար, սակայն վերջին պահուն նախագահին փափաքով յայտագիրը կը փոխուէր, եւ կ՛որոշուէր, որ ամբարտակին բացումը կատարելու համար հանրօգուտ շինութեանց նախարարը փոխարինէր նախագահը, իսկ նախագահը կ՛որոշէր այդ օրը անցընել Քեսապի մէջ:
Լաթաքիայէն Քեսապ տանող ճամբան զարդարուած էր բազմաթիւ կամարներով, իսկ բուն Քեսապը տօնական կերպարանք առած էր: Ամէն կողմէ կը ծածանէր հանրապետութեան դրօշակը եւ համայն քեսապցիք եւ գիւղագնացներ հրապարակին վրայ խռնուած էին:
Ժամը մէկի ատենները նախագահին շքախումբը կ՛երեւի. ժողովուրդին մէկ մասը Չինարճգ իջած էր եւ թմբուկով ու պարով կ՛ընդունի իր նախագահը, որ հինգ վայրկեանի հանգիստ մը կ՛առնէ Չինարճգի մէջ, ապա իր հետեւորդներով Քեսապ կ՛ելլէ, ուր հաւաքուած բազմութիւնը խելայեղ ծափերով ու կեցցէներով կը թնդացնէ օդը: Նախագահը ինքնաշարժէն իջնելով` կ՛ողջունէ ժողովուրդը, ապա կը մեկնի Չինարճգ, որուն դալարագեղ սօսիին տակ կը մնայ մինչեւ երեկոյեան ժամը եօթը: Իր ճաշը հոն կ՛առնէ, եւ մեկնելէ առաջ Քեսապէն պատուիրակութիւն մը կ՛ընդունի:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին ընդհ. հրամանատար զօրավար Զահրէտտին, փոխ վարչապետ եւ կրթական նախարար Ռաշատ Պարմատա եւ այլ բարձրաստիճան ղեկավարներ:
Միեւնոյն երեկոյեան նախագահը Լաթաքիա մեկնեցաւ, ապա` Համա եւ Դամասկոս:
Հերիսայի Տօնը
Հանրապետութեան նախագահին այցելութենէն մէկ շաբաթ վերջ, Քեսապ դարձեալ տօնական կերպարանք կը զգենուր: Աւանդական «Հերիսայի տօնը» կը զուգադիպէր օգոստոս 13-ին, երկուշաբթի: Սուրիոյ բոլոր քաղաքներէն բազմութիւններ փութացած էին Քեսապ: Պէտք է ըսել, թէ այս տարի բացառիկ խանդավառութիւն կը տիրէր, եւ ուխտաւորներուն թիւը կը գերազանցէր անցնող տարիներուն թիւերը:
Հալէպէն, առաջնորդ հայրը Ղեւոնդ սրբազան, Արամօ գացած էր եւ անկէ ժամանեց Քեսապ: Առաւօտուն պատարագ մատուցուեցաւ Էսկի Էորան գիւղի նորակառոյց մատրան մէջ: Յաւարտ Ս. պատարագի, առաջնորդ հայրը հսկայ սօսիին տակ եփուող հարիսայի 15 կաթսաները օրհնեց, ապա ժողովուրդը պնակներ ի ձեռին` խուժեց կաթսաներուն վրայ, ստանալու համար համեղ եւ աւանդական հարիսան:
Միւս կողմէ, զոյգ թմբուկներ օդը կը դղրդացնէին, եւ երիտասարդներ պար բռնած` կը դառնային ու կը դառնային Քեսապի աւանդական պարը պարելով: Ամէն կողմէ ազգային երգեր կը լսուէին, եւ ծառերուն տակ նստող խումբեր եւ ընտանիքներ ուրախ մթնոլորտի մէջ կ՛ուտէին ու կը զուարճանային: Մինչեւ երեկոյ դեռ ժողովուրդը կը յամենար մօտակայ պարտէզներուն մէջ:
Եկեղեցաշինութիւն
Մենք` քեսապցիներս ալ ամերիկահայութեան պէս եկեղեցաշինութեան տենդէ բռնուած ենք… Եթէ նոր եկեղեցի շինելիք չունենանք, ունեցածնիս հիմնովին նորոգութեան կ՛ենթարկենք:
Այսպիսով, ասկէ երկու տարի առաջ հիմը կը դրուէր Գարատուրանի առաքելական եկեղեցւոյն: Այս համայնքին եկեղեցին ու գիւղին գրադարանը գետնաշարժի մը ընթացքին կուլ տրուած էին հողին կողմէ… Նոր շինուելիք եկեղեցւոյն առաջին յարկը աւարտած է արդէն, որ հետագային պիտի գործածուի որպէս սրահ, երբ աւարտի երկրորդ յարկին կառուցումը: Վաղը օգոստոս 14-ին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ սրբազան կը մատուցէ աւագ պատարագ` նորաւարտ սրահին մէջ:
Անցեալ տարի հիմնովին նորոգութեան ենթարկուեցաւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին` շնորհիւ հայր Թոնդեանի ջանքերուն: Իսկ անկէ առաջ Հայ աւետ. եկեղեցին բաւական մեծ չափով նորոգուած էր:
Այս տարի «Աբէլեաններու որջին» Բերքիսնէի աւետարանական եկեղեցիին հիմնական նորոգութեան ձեռնարկեցին: Սոյն եկեղեցւոյ որմնադիրը` Յովսէփ Թրթրեան, Անթիլիասի միաբաններէն հայր Արտաւազդին մեծ հայրը, մէկ քանի տարիներ առաջ մեռաւ 105 տարեկանին…
Եթէ երբեք փրկութիւնը եկեղեցաշինութեամբ լրանար, վստահ եմ, որ բոլոր քեսապցիներս մէկ անգամէն դրախտ կը մտնէինք, առանց ապաշխարանքի…
ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆ
13 օգոստոս 1962
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print



