Thursday May 23, 2013

Ասիոյ Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն (18 Տարեկանէն Վար). Լիբանան Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը

By adminx - Sat Aug 18, 6:00 am

Երէկ, Մոնկոլիոյ մէջ սկսաւ Ասիոյ տղոց 18 տարեկանէն վար տղոց կրտսերներու 22-րդ ախոյեանութիւնը:

Լիբանանի ազգային խումբը, որ իր առաջին մրցումին ճակատեցաւ Հնդկաստանի դէմ, քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` 65-61 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 16-16, 14-18, 21-13 եւ 14-14:

Լիբանանէն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի` 25 կէտ եւ 6 ռիպաունտ: Ապա` Ճիմի Սալեմ (18 կէտ) եւ Քրայեմ Թապաժա (6 կէտ եւ 8 ռիպաունտ): Իսկ Ժերար Հատիտեան թէեւ կէտ չնշանակեց, բայց օժանդակեց իր կազմին` Լիբանանի 11 ռիպաունտով:

Այսօր Լիբանանի կրտսերները կը կատարեն իրենց երկրորդ մրցումը` Հոնկ Քոնկի դէմ, ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

Ինչ կը վերաբերի Ուիլիըմ Ճոնզի բաժակի մրցաշարքին, այսօր առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Լիբանանի ազգային խումբը կը մրցի Իրանի դէմ, իսկ վաղը նոյն ժամուն Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ հարաւային Քորէա:

 

Leave a Reply

Advertisement