Tuesday Jun 18, 2013

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Կը Սկսին Անգլիոյ Եւ Սպանիոյ Ախոյեանութիւնները

By adminx - Sat Aug 18, 5:58 am

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:

Այս շաբաթավերջին կը սկսին նաեւ Անգլիոյ եւ Սպանիոյ ախոյեանութիւնները:

Բնականաբար, բոլոր կազմերն ալ լաւապէս պատրաստուած են նոր տարեշրջանին եւ իրենց առաւելագոյնը պիտի տան` փորձելով տիրանալ տիտղոսին, կամ` առաջնակարգ դիրքերու:

Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի իր առաջին մրցումին պիտի հիւրընկալէ Սաութհեմփթընը, մինչ Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ` Վալենսիան:

Մանչեսթըր Եունայթըտ հիւրը պիտի ըլլայ Էվըրթընի, մինչ Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Սոսիետատը:

Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

 

ԱՆԳԼԻԱ
 

ՇԱԲԱԹ

ԺԱՄ
Արսենալ – Սանտըրլենտ17:00
Ֆուլհեմ – Նորուիչ17:00
Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ – Սուանզի17:00
Ռիտինկ – Սթոք Սիթի17:00
Ուեսթ Պրոմուիչ – Լիվըրփուլ17:00
Ուեսթ Համ – Ասթոն Վիլա17:00
Նիւքասըլ – Թոթենհամ19:30
 

ԿԻՐԱԿԻ

Ուիկըն – Չելսի15:30
Մանչեսթըր Սիթի – Սաութհեմփթըն18:00
 

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Էվըրթըն – Մանչեսթըր Եունայթըտ22:00
 

ՍՊԱՆԻԱ

 

ՇԱԲԱԹ

Սելթա Վիկօ – Մալակա20:00
Սեւիլլա – Կեթաֆէ22:00
Մայորքա – Էսփանիոլ24:00
 

ԿԻՐԱԿԻ

Աթլեթիքօ Պիլպաօ – Ռէալ Պեթիս20:00
Ռէալ Մատրիտ – Վալենսիա20:00
Պարսելոնա – Ռէալ Սոսիետատ22:00
Լեվանթէ – Աթլեթիքօ Մատրիտ24:00
 

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Տեփորթիւօ Քորունա – Օսասունա20:00
Ռայօ Վայեքանօ – Կրանատա22:00
Ռէալ Սարակոսա – Ռէալ Վայատոլիտ24:00

 

Leave a Reply

Advertisement