«Վարդան Մինասեան Ի Վիճակի Է Կացութեան Տէր Դառնալ» Կ՛ըսէ Աբրահամ Խաշմանեան
By adminx - Sat Aug 18, 5:56 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Անդրադառնալով նախանցեալ օր տեղի ունեցած Հայաստան-Պիելոռուսիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումին` Արարատ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Նախ եւ առաջ Հայաստանի ազգային հաւաքականը արժանի չէր պարտութեան: Մենք շատ աւելի զօրաւոր էինք մեր մրցակիցէն, բայց ֆութպոլին մէջ կը պատահին նմանօրինակ դէպքեր, երբ կոլ նշանակելու բազմաթիւ առիթներ կը ստեղծես, բայց չես կրնար յաղթել:
«Ես անձամբ այդքան ալ կարեւորութիւն չեմ տար արդիւնքին, որովհետեւ անիկա բարեկամական բնոյթ ունի: Ունինք բաւական լաւ յառաջապահ գիծ մը: Միակ մտահոգութիւնը թէեւ պաշտպանողական գիծն է, սակայն մեծ յոյսով եմ, որ գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան ի վիճակի է շուտով կացութեան տէր դառնալ:
«Կը կարծեմ, որ Կարլեն Մկրտչեանի վերադարձէն ետք խումբը շատ աւելի լաւ արդիւնք կրնայ տալ, որովհետեւ շատ լաւ կը կատարէ միջնապահի իր պաշտօնը: Այդ մէկը հաստատեց նաեւ նոյնինքն Մինասեան»:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print




