Wednesday May 22, 2013

Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Օպամայի Կոչ Ուղղած Է` Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ Հանդիպում Ունենալու

By adminx - Sat Aug 18, 7:46 am

Քեն Խաչիկեան

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային դարձեալ կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին հետ հանդիպում ունենալու եւ անձամբ կապ հաստատելու իր ընտրողներուն հետ:

Գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը հաղորդէ, որ Օպամային ուղղուած նամակին մէջ անոր յիշեցուցած է յունուար 2008-ին տուած խոստումը` աշխուժ կապի մէջ ըլլալու Ամերիկայի հայ համայնքին հետ եւ նշած, որ մինչեւ օրս որեւէ հանդիպում տեղի չէ ունեցած:

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Քեն Խաչիկեան Օպամային ուղղուած նամակին մէջ գրած է. «Ինչպէս գիտէք, Հայ դատի գրասենեակը ձեր պաշտօնավարման առաջին ամիսէն պարբերաբար, հրապարակաւ եւ պաշտօնապէս կարելիութիւն փնտռած է, որպէսզի անձամբ կապ հաստատէք ամերիկահայ ղեկավարներուն հետ: Նման հանդիպում, ցաւօք, տակաւին տեղի չէ ունեցած: Ատիկա անհրաժեշտ հարթակ պիտի դառնար մտքերու փոխանակման համար, եւ դուք կարելիութիւն պիտի ունենայիք լսելու մեր մտահոգութիւններն ու հիասթափութիւնները, ինչպէս նաեւ ապագային նկատմամբ մեր սպասումներն ու յոյսերը»:

Խաչիկեան յիշեցուցած է հայ համայնքին հետ կապի մէջ ըլլալու նախագահի խոստումը եւ նշած, որ իր եւ հայազգի ընտրողներուն միջեւ անմիջական երկխօսութեան բացակայութիւնը անառողջ է թէ՛ Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարութեան, թէ՛ անոր քաղաքականութեան համար:

Քեն Խաչիկեան Օպամային յիշեցուցած է, որ ան ժամանակ կը յատկացնէ հայկական հարցերու շահագրգիռ կողմերուն, ներառեալ` օտար պաշտօնատարներու եւ տեղական խումբերուն, որոնք բացայայտ թշնամական վերաբերմունք ունին հայ համայնքի տեսակէտներուն եւ արժէքներուն հանդէպ:

Խաչիկեան յոյս յայտնած է, որ Օպամա իր պաշտօնավարման ժամկէտը չ՛աւարտէր` առանց հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ գոնէ մէկ անգամ հանդիպում ունենալու:

 

 

Leave a Reply

Advertisement