Friday May 24, 2013

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը Սիսիանի Մէջ Կազմակերպեց «Անուշ Հայրենիք» Ճամբարը

By adminx - Sat Aug 18, 7:44 am

Շուրջ երկու շաբաթ սիսիանցի երեխաները իրենց ամառնային հանգիստը պիտի անցընեն «Անուշ հայրենիք» ճամբարին մէջ: «Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ սիսիանցի դաշնակցական երիտասարդներու օժանդակութեամբ, «Անուշ հայրենիք»-ը արդէն երրորդ տարին է, որ  Սիսիանի մէջ կը կազմակերպէ երեխաներու ամառնային հանգիստ:

Լուսինէ Խաչատրեան արդէն երկրորդ անգամն է, որ կը մասնակցի ճամբարին, ոչ մէկ օր կը բացակայի, հետաքրքրական ժամանակ կ՛անցընէ:

«Տարբեր երգեր կը սորվինք, խաղեր կը խաղանք, կը սորվինք ինքնապաշտպանութիւն, առաջին բժշկական օգնութիւն կը սորվեցնեն մեզի», ըսաւ ան:

Ճամբարին մէջ բոլորը գիտեն իրենց առօրեայ ժամանակացոյցը: Ատիկա նախորդ տարիներուն համեմատ գրեթէ անփոփոխ մնացած է: Փոփոխութիւններ մտցուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան դասաժամերու ծրագիրին մէջ:

Այս տարի, ինչպէս նախորդ տարիներուն, ճամբարին կը մասնակցին 4-16 տարեկան աւելի քան 300 երեխաներ: 4-10 տարեկան երեխաները ճամբար կը յաճախեն շաբաթական 3 օր, անոնց համար կազմուած է թեթեւ խաղային ծրագիր: 11-16 տարեկան երեխաները կը յաճախեն 5 խումբերով:

«Ասիկա հրաշալի փորձառութիւն է: Սփիւռքէն եկած ենք, այստեղի երեխաներուն հետ կապ կը հաստատենք եւ արդէն կը հասկնանք անոնց մտածելակերպը, անոնց առջեւ դրուած մարտահրաւէրները եւ պիտի փորձենք ամէն գնով օգտակար դառնալ», ըսաւ խմբապետ Վարագ Գեթսեմանեան:

Սիսիանի երեխաներուն հետ կ՛աշխատին լիբանանահայ 6 կամաւորներ: Յակոբ Գըլընճիպաշեան առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի հայրենիքի մէջ եւ ուրախ է, որ իրեն եզակի կարելիութիւն տրուած է հայրենիքի երեխաներուն հետ կապ հաստատելու եւ հայրենիքը տեսնելու: Տպաւորուած է հայ երեխաներուն ուսումնատենչութեամբ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement