Wednesday Jun 19, 2013

Մըքտատ Ընտանիքի Զինուորական Թեւը Կը Բացայայտէ Իր Անակնկալը` Խոստանալով Յաւելեալ Եւ Աւելի Ցնցիչ Անակնկալներ

By adminx - Sat Aug 18, 7:42 am

Մահեր Մըքտատ կը ցուցադրէ սուրիացի առեւանգեալին հարցուփորձը

Մըքտատ ընտանիքի զինուորական թեւը երէկ 2 սուրիացի քաղաքացիներ ազատ արձակեց, որուն իբրեւ արդիւնք Սուրիական ազատ բանակին հետ կապ չունեցող ազատ արձակուած սուրիացի քաղաքացիներուն թիւը հասաւ 21-ի:

Օր մը առաջ առեւանգումի գործողութիւններուն կասեցումը յայտարարած` Մըքտատ ընտանիքի պաշտօնական բանբեր Մահեր Մըքտատ երէկ կէսօրէ ետք մամլոյ ասուլիսի մը հրաւիրեց:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան կարդաց Մըքտատ ընտանիքին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Մըքտատ աշիրեթը կը հաստատէ, որ իր գործնական աշխատանքներուն առաջին հանգրուանը արդէն իսկ աւարտած է եւ առիթ տրուած է միջազգային կարմիր խաչին` կատարելու իր մարդասիրական աշխատանքը:

Մահեր Մըքտատ նշեց, որ Մըքտատ աշիրեթը կը մերժէ ամէն ձեւի բռնարարքները, որոնց շարքին են կալուածներու վնաս հասցնելու քայլերն ու ճամբաներու փակումը, յատկապէս Պէյրութի միջազգային օդակայանին եւ գլխաւոր ճամբաներուն փակումը: Ան շեշտեց նաեւ, որ իրենք կառչած կը մնան լիբանանեան ազգային անվտանգութեան պահպանումին:

Ան ըսաւ, որ իրենք կը մերժեն սուրիացի բանուորներուն դէմ գործուած բռնարարքները:

Սուրիական ազատ բանակին կողմէ լիբանանցի քաղաքացի Հասսան Սելիմ Մըքտատը առեւանգելը եւ զայն ներկայացնելը իբրեւ արժէքաւոր պատանդ մը անարդար է, որովհետեւ ան խաղաղ անհատ մըն է, որ միայն իր անձնական հարցերը ունի եւ այդ հարցերուն պատճառով է, որ ուղղուած է Սուրիա:

«Առանց նախապայմանի Հասսան Մըքտատը ազատ արձակելը խելացի քայլ մըն է եւ ոչ թէ զիջում, հետեւաբար կը մաղթենք, որ գործակցիք լիբանանեան նախարարական յանձնախումբին եւ կամ Միջազգային կարմիր խաչին հետ», ըսաւ Մահեր Մըքտատ:

Մամլոյ ասուլիսին յաջորդեց անակնկալին բացայայտումը, երբ սփռուեցաւ Մըքտատ ընտանիքի զինուորական թեւին առեւանգած Սուրիական ազատ բանակի անդամներէն Համատ Ռաժահ Ալլաուիի հետ կատարուած հարցուփորձը, որուն ընդմէջէն ան հաստատեց, որ ինք Սուրիական ազատ բանակի անդամ է եւ Լիբանան հասած է Հարաւային արուարձաններու եւ Լեռնալիբանանի մէջ թիրախները հետախուզելու պարտականութեամբ:

Ան կոչ ուղղեց Սուրիական ազատ բանակին ազատ արձակելու Հասսան Մըքտատը, որպէսզի Լիբանանի մէջ առեւանգուած սուրիացիները իրենց կարգին ստանան իրենց ազատութիւնը:

Իր խօսքին աւարտին, Ալլաուի շնորհակալութիւն յայտնեց Մըքտատ աշիրեթին շնորհած հիւրընկալութեան համար:

Միւս կողմէ, նկատի ունենալով Մըքտատ աշիրեթին կողմէ Այտըն Թեքին անունով թուրք քաղաքացիի մը առեւանգումը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան ուղղուելէ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Անգարա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ազատ արձակելու Լիբանանի մէջ առեւանգուած երկու թուրք քաղաքացիները:

Այս շրջագիծին մէջ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ շեշտեց, որ Թեքին Լիբանանի մէջ կ՛աշխատի ընկերութեան մը մէջ, որ քաղաքականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Իր կարգին, Կիւլի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ գտնուող թուրք քաղաքացիներուն անմիջապէս վերադառնալու Թուրքիա, եթէ կարեւոր եւ անհրաժեշտ բան չունին կատարելիք Լիբանանի մէջ:

Նշենք սակայն, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ Պոլիսէն ժամանեց Լիբանան:

ԹՐՔԱԿԱՆ «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը,  իր տեղեկութիւնները քաղելով «Անատոլու» լրատու գործակալութենէն, յայտնեց, որ «Անատոլու» հարցազրոյց մը ունեցած է Թեքինի հետ եւ հաղորդած, թէ ան լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ կոչ կ՛ուղղէ թրքական իշխանութիւններուն զինք ազատ արձակելու:

Թեքին աւելցուցած է նաեւ, որ Մըքտատ աշիրեթը լաւ հոգ կը տանի իրեն` աւելցնելով, որ ինք առեւանգուած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած Հասսան Մըքտատը ազատ արձակելու նպատակով: Ան ընդգծեց, որ ինք լաւատես է, որ երբ Հասսան Մըքտատ ազատ արձակուի, ինք եւս պիտի ստանայ իր ազատութիւնը:

Թեքին թրքական իշխանութիւններէն պահանջեց դիւանագիտական բանակցութիւններ կատարել Սուրիական ազատ բանակին հետ, որպէսզի անոնք ազատ արձակեն Հասսան Մըքտատը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement