Լիբանանեան Պետութեան Կողմէ Շարժումի Նշոյլներ` Առեւանգուած 11 Լիբանանցիներուն Հարցով
By adminx - Sat Aug 18, 7:40 am
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print
Հալէպի մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն ճակատագիրին շուրջ անորոշութիւնը կը յամենայ…
Անոնց ճակատագիրին մասին վարկածները կը մնան նոյնը, այսինքն` ոմանք կ՛ըսեն, թէ 11-ը լաւ վիճակի մէջ են եւ Քիլիս կը գտնուին, իսկ այլ տեղեկութիւններ կը հաստատեն, որ Ազազի մէջ անոնց գտնուած վայրին ռմբակոծուելէն ետք չորսը անհետացած են, իսկ մնացեալ եօթն վիրաւոր վիճակի մէջ են:
Զիրենք առեւանգող Ապու Իպրահիմին կատարած յայտարարութիւններուն համաձայն, երկրորդ վարկածը կը շեշտուի եւ նկատել կը տրուի, թէ յառաջիկայ 20 օրերուն միայն կարելի է անոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրել:
Ազազի ուժերու տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Մոհամետ Նուր կը վերահաստատէ, որ անհետացած 4 առեւանգեալներէն բացի մնացեալ եօթն փոխադրուած են Ռիֆ Հալէպ եւ բուժման կ՛ենթարկուին:
Ապու Իպրահիմի համաձայն, իր ներկայացուցիչները ուղղուած են Քիլիս, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցած են Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ եւ քննարկած Ազազի իրադարձութիւնները:
Ըստ Նուրի, Ֆապիւսի հետ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցին մասին քննարկումներ չեն կատարուած:
Միւս կողմէ, առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենք տեղեկութիւններ ունին, թէ 11 լիբանանցիները ողջ առողջ են եւ Ազազի մէջ չէին գտնուէր ռմբակոծումի ընթացքին:
Պէտք է աւելցնել, որ 11 առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցով այսօր ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել պիտի ուղղուի Թուրքիա:
Նշենք, որ 11 առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցով կազմուած նախարարական յատուկ յանձնախումբին անունով երէկ յայտարարութիւններ կատարեց աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, որ յայտնեց, թէ յանձնախումբը առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն հետ մնայուն կապ պիտի հաստատէ, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ազատ արձակելու համար իրենց հարազատները:
Ժրայսաթի աւելցուց նաեւ, որ նախարարական յանձնախումբը մնայուն կերպով հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը տեղեակ պիտի պահէ իր աշխատանքներուն եւ քայլերուն մասին:
Այս առումով, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ առեւանգեալներուն հարազատներուն հետ եւ անոնցմէ խնդրեց կազմել յանձնախումբ մը, որ մնայուն կապը ըլլայ նախարարական յանձնախումբին հետ:
Առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւող պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ առեւանգեալներուն ընտանիքները ներկայացնող յանձնախումբը արդէն իսկ կազմուած է` նշելով, որ այդ յանձնախումբին անդամ են ինք, Ալի Օմարը եւ Հայաթ Աուալին:
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print




