Thursday May 23, 2013

Լորան Ֆապիւս Լիբանանին Կը Փոխանցէ Զօրակցութեան, Գործակցութեան Եւ Բարեկամութեան Պատգամներ

By adminx - Sat Aug 18, 7:39 am

Նախագահ Սլէյման կը դիմաւորէ Ֆապիւսը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար  Լորան Ֆապիւս երէկ առաւօտեան այցելեց Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցը, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման դրուատեց մնայուն կերպով Լիբանանի զօրակցելու Ֆրանսայի կեցուածքը, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային առումով Լիբանանի նեցուկ կանգնելու Փարիզի անշեղ մօտեցումը:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի` լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն իմաստով Ֆրանսայի ներկայացուցած օժանդակութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց ֆրանսական ուժերուն մասնակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ անոնց յանձնառութեան, հակառակ այն իրողութեան, որ ֆրանսական զօրամասին շրջուն ջոկատները բազմիցս յարձակումներու ենթարկուած են:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ շրջանային իրադարձութիւններէն եւ յատկապէս Սուրիոյ տագնապէն ինքզինք զանց կացուցող Լիբանանը չի զլանար կատարելու իր մարդասիրական պարտականութիւնները: Այս ծիրին մէջ Լիբանան կը հիւրընկալէ սուրիացի գաղթականները եւ անոնց մարդասիրական բոլոր օժանդակութիւնները կը ներկայացնէ:

Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց Ֆրանսայի եւ միջազգային ընտանիքին` ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ այս իմաստով լուծում մը գտնել Սուրիոյ տագնապին, ինչպէս նաեւ հակառակորդ կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն կատարել ու համաձայնիլ այնպիսի քաղաքական վարչակարգի մը շուրջ, որ կը ծառայէ երկրին եւ ժողովուրդին շահերուն:

Նկատի ունենալով, որ Ֆապիւս Լիբանանէն ետք Թուրքիա պիտի մեկնէր, հանրապետութեան նախագահը անկէ խնդրեց ամէն ջանք ի գործ դնել թրքական իշխանութիւններուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն հարցը լուծել եւ ամէնէն մօտիկ ապագային զանոնք ազատ արձակել:

Իր կարգին, Ֆապիւս շեշտեց Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան ու միասնականութեան եւ դրուատեց հանրապետութեան նախագահին ճիգերը` ամրապնդելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային երկխօսութիւն կատարելու նախաձեռնութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել Սուրիոյ տագնապին Լիբանան ներթափանցումը:

Հանդիպումէն ետք Ֆապիւս ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր  մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ

ինք Լիբանան այցելած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի անունով` աւելցնելով, որ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին անոնց փոխանցած է հիմնական երեք պատգամներ, որոնցմէ առաջինը կը հաստատէ երկկողմանի տնտեսական եւ մշակութային համագործակցութիւնը եւ այդ մարզերուն մէջ յարաբերութիւններուն ամրապնդումն ու շարունակականութիւնը:

Երկրորդ պատգամը այն է, որ ինք Հոլլանտի անունով հաստատած է Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Լիբանանի, անոր միասնականութեան ու գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին` Սուրիոյ տագնապէն չէզոք մնալու իմաստով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու իմաստով:

Ֆապիւս յայտնեց, որ երրորդ պատգամը կը վերաբերի Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու եւ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու: Այս ծիրին մէջ Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը գնահատեց այդ իմաստով ի գործ դրուող ճիգերը:

Ֆապիւս ընդգծեց, որ այդ իմաստով Լիբանան կը վայելէ նաեւ Ֆրանսայի նիւթական օժանդակութիւնը:

Ան նշեց սակայն, որ Սուրիա կը գտնուի շատ վտանգաւոր կացութեան մը մէջ եւ պէտք է Լիբանանը չէզոք պահել ու արգիլել Սուրիոյ տագնապին Լիբանան ներթափանցումը:

Ֆապիւս բարձր գնահատեց հանրապետութեան նախագահին Ֆրանսա այցելութիւնը եւ շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի յանձնած է Ֆրանսա այցելութեան բաց հրաւէր մը:

ՆՇԵՆՔ, որ Ֆապիւս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ֆապիւս գնահատեց Ռայի պատրիարքին Աքքար կատարած հովուապետական այցելութիւնը` շեշտելով, որ անիկա փաստ է Լիբանանի բազմազանութեան եւ ազգային համերաշխութեան պահպանումին:

Ֆապիւս շեշտեց շրջանին մէջ քրիստոնեաներու գոյութիւնը, որ հազարաւոր տարիներու գոյութիւն է եւ որ շրջանին համար ազգային եւ մշակութային մեծ արժէք է:

Ֆապիւս հաստատեց, որ Ֆրանսա քրիստոնեաներուն հաւատարիմ բարեկամը պիտի մնայ` աւելցնելով, որ ինք կը հասկնայ այն մտահոգութիւնները, որոնք արձանագրուած են Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ գտնուող կարգ մը քրիստոնեաներուն մօտ:

 

Leave a Reply

Advertisement