Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Ճամբան Չփակելու Գործնական Քայլեր
By adminx - Sat Aug 18, 7:32 am
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի արտակարգ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ընդհանուր դատախազի տեղակալ Սամիր Համմուտ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, հիւսիսային Լիբանանի եւ Պէյրութի նահանգապետ Նասիֆ Քալուշ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. էտմոն Ֆատել, լիբանանեան բանակի զինուորական գործողութիւններու տնօրէն զօր. Մարուն Հըթթի, Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար զօր. Էլիաս Խուրի, Պեքաայի եւ Լեռնալիբանանի նահանգապետ, դատախազ Անթուան Սլէյման, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովական կառոյցի հրամանատար զօր. Ժան Թալուզեան:
Նիստին ընթացքին որդեգրուեցան գործնական քայլեր` գործադրելու համար 16 օգոստոս 2012-ին կառավարութեան գումարած նիստին ընթացքին տրուած որոշումը` Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան բնաւ չփակելու իմաստով:
Միւս կողմէ, Շարպել «Լիուա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան նոյնիսկ քանի մը վայրկեանի համար փակելը արգիլուած է:
Շարպել հաստատեց, որ քաղաքական ոչ մէկ կողմ կը պաշտպանէ օդակայանի ճամբան փակող կողմերը:
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print




