Կիւլ. «Թուրքիա Կրնայ Զինուորական Շարք Մը Գործողութիւններու Ձեռնարկել, Եթէ Սուրիոյ Հիւսիսը Քակ-ի Կողմէ Վտանգ Զգայ»
By adminx - Sat Aug 18, 7:25 am
- 0 Comments
- 64 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան թիւ երեք պաշտօնատարի Մոսկուա այցելութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա Սուրիոյ ու Իրանի շուրջ անմիջական եւ ամբողջական քննարկումներ կատարեցին»:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով օգնական Ուենտի Շըրմըն Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարներ Կենատի Կաթիլովի եւ Սերկէյ Ռիապքովի հետ, մասնաւորաբար սուրիական եւ իրանեան հարցերուն շուրջ շատ լաւ քննարկումներ կատարեց, եւ սովորականին պէս, քննարկումները անմիջական եւ ամբողջական էին»:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հարցին, Շըրմըն ռուս պաշտօնատարներուն յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի դէտերուն առաքելութեան երկարաձգման չեն զօրակցիր»:
Թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտնած է, որ իր երկիրը կրնայ զինուորական շարք մը գործողութիւններու ձեռնարկել, եթէ Սուրիոյ հիւսիսը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կողմէ վտանգ զգայ:
Կիւլ Մեքքայի մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովի աւարտին լրագրողներուն ըսած է, որ սուրիական վարչակարգը կրնայ ՔԱԿ-ին զէնք մատակարարել, եւ «դժբախտաբար կը տեսնենք, որ սուրիական զարգացումները, հակառակ սուրիական վարչակարգին մեր կատարած բազմաթիւ զգուշացումներուն, դէպի յոռեգոյնը կ՛ուղղուին»:
Ան նշած է, որ Մեքքայի ժողովէն բխած որոշումը ցոյց կու տայ, որ սուրիական վարչակարգը իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է: Կիւլ աւելցուցած է, որ Թուրքիա ընդդիմութեան գաղափարաբանական կամ յարանուանական պատճառներով չի զօրակցիր` աւելցնելով, որ «սուրիացի ժողովուրդի կողքին կը կանգնինք»:
Կիւլ նաեւ ընդգծած է, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները փաստած են, որ սուրիացի ժողովուրդի արմատական փոփոխութեան ձգտումները սովորական խաղաղ միջոցներով կարելի պիտի չըլլայ իրագործել, սակայն նշած է, որ իր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը որեւէ կողմը զինելու վրայ հիմնուած չէ:
Ան շեշտած է, որ կարելի չէ ապահովական գօտիի ստեղծման որոշումը ինքնագլուխ տալ, որովհետեւ անիկա միջազգային համաձայնութեան կը կարօտի:
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներու ճամբար մը այցելելէ ետք յայտարարեց, որ «պէտք է սուրիական վարչակարգը արագ կերպով քանդել»` աւելցնելով, որ «Պաշշար Ասատ գոյութիւն ունենալու արժանի չէ»:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ յայտարարեց, որ Սուրիոյ փոխվարչապետ Քատրի Ժամիլ յառաջիկայ շաբաթ Մոսկուա պիտի այցելէ` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպում ունենալու համար:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Սուրիոյ ազգային հաշտութեան հարցերով նախարար Ալի Հայտար Մոսկուա պիտի այցելէ` ռուսական կողմին հետ քննարկելու համար ազգային համապարփակ երկխօսութեան ընթացք տալու ուղղութեամբ սուրիական կառավարութեան ջանքերը, սակայն անոր այցելութեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած:
- 0 Comments
- 64 views
- Tweet
Email
Print



