Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նոր Դեսպանը Պաքու Պիտի Հասնի 25 Օգոստոսէն Ետք
By adminx - Sat Aug 18, 7:24 am
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար Պաքու պիտի հասնի 25 օգոստոսէն ետք: Այս տեղեկութիւնը յստակ դարձած է Ճորճթաունի մէջ Ամերիկա-ազրպէյճանական առեւտուրի խորհուրդի գրասենեակին մէջ նոր դեսպանին ի պատիւ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին:
Ձեռնարկին ընթացքին Մոռնինկսթար անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապին` վստահութիւն յայտնելով, որ խնդիրի լուծումը երկու կողմերուն ալ ձեռնտու է: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ շրջանին մէջ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն կը վարեն:
Ան խօսած է նաեւ կասպեան շրջանին մէջ ուժանիւթային անվտանգութեան ու համագործակցութեան մասին` աւելցնելով, որ Հարաւային ուժանիւթային միջանցքը Ազրպէյճանի համար կարեւոր դեր կը խաղայ` ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանութեան տեսանկիւնէն:
Մոռնինկսթարի Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին թեկնածութիւնը ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած էր 30 յունիսին: Միացեալ Նահանգներ Պաքուի մէջ դեսպան չունին նախորդ տարուան դեկտեմբերի վերջաւորութենէն, երբ վերջ գտաւ նախկին դեսպան Մեթիու Պրայզայի դիւանագիտական միամեայ առաքելութիւնը:
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print




