Thursday May 23, 2013

Ապու Մարզուք. Յորդանան Եւ Համաս Ապագայ Յարաբերութեանց Գծով Երկու Կողմերը Գոհացնող Տարազ Մը Կը Քննարկեն»

By adminx - Sat Aug 18, 7:20 am

Մուսա Ապու Մարզուք

Յորդանանեան «Ղատ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավարի տեղակալ Մուսա Ապու Մարզուք յայտնած է, որ «Յորդանան եւ Համաս ապագայ յարաբերութեանց գծով երկու կողմերը գոհացնող տարազ մը կը քննարկեն»` նշելով, որ երկու կողմերու հանդիպումին ընթացքին նկատի կ՛առնուի երկու ժողովուրդներու շահերուն ծառայող հարցերուն քննարկման յատուկ հասարակաց յանձնախումբերու աշխատանքը:

Մարզուք Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման իր այցելութեան ընթացքին ըսած է, որ «մինչեւ հիմա ապագայ յարաբերութեանց գծով երկու կողմերը գոհացնող պատկերացում մը գոյացնելու ճամբուն վրայ կը գտնուինք, թէեւ աշխատանքը դանդաղ կ՛ընթանայ»:

Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավարի տեղակալը յոյս յայտնած է, որ երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները կը վերադառնան նախքան 1999-ի մակարդակին:

Leave a Reply

Advertisement