Wednesday Jun 19, 2013

Սգակիրի Զգացումներով` Յովհաննէս Կիւրիւնլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

By adminx - Sat Aug 18, 5:40 am

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան դաշնակցական ընկերներու շարքերուն մէջ տերեւաթափը կը շարունակուի Լեւոն Շանթի դիպուկ խօսքերուն կշռոյթով` «Մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով»:

Տօթակէզ կիրակի օր մը` 15 յուլիս 2012-ին, սրտէն զարնուած, անակնկալօրէն մեզմէ յաւէտ կը բաժնուէր ազգասէր, կարգապահ եւ հաւատաւոր դաշնակցական Յովհաննէս Կիւրիւնլեանը:

Ողբացեալը` շրջապատէն ընդհանրապէս կը ճանչցուէր իբրեւ «Գրատուն Մարալի» Յովիկը:

Այս համեստ ընկերը, իր կեանքի անբաժան ընկերուհի տիկին Սիրվարդին հետ, իր հաստատած գրատունը կը մկրտէր իր Մարալ աղջկան անունով, ու երկա՜ր տարիներ, գիրքերու եւ գրենական պիտոյքներու խղճամիտ հայթայթման ճամբով իր նպաստը կը բերէր հայկական զանազան կրթական հաստատութիւններուն եւ ազգային կառոյցներու կարիքներուն:

Քանի մը տարիներ ալ, բոլորանուէր ծառայեց Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ` որպէս թաղական խորհուրդի անդամ:

Ազգային եւ կուսակցական ձեռնարկներուն անվարան կը բերէր իր համեստ նիւթական մասնակցութիւնը:

Կը տագնապէր հայկական կեանքին արձանագրած թերացումներուն մասին լսելով, սակայն կը հրճուէր` հայութեան դրական իրագործումներով:

Հպարտ էր Դաշնակցութեան շարքայինի կոչումով: Ազատ հայրենիքի մը անմեռ գաղափարով դաստիարակեց իր զաւակները` Մարալն ու Արփին, Ալեքն ու Րաֆֆին:

Կը մանկանար իր սիրասուն թոռնիկներուն ներկայութեամբ:

Ընկերը եղաւ նուիրեալ ամուսին, պաշտպան հայր եւ գորովագութ մեծ հայրիկ, մինչեւ իր անակնկալ մահը:

Լուռ եւ անձնուէր աշխատանքի օրինակելի տիպարն էր:

Ծառայասէր եւ ընկերական` առօրեայ իր յարաբերութեանց ընթացքին:

Ճշդապահ եւ պարտաճանաչ խումբի համեստ ընկեր ճանչցանք զինք:

Ափսո՜ս որ իրեն նմանները տակաւ կը նուազին` ներկայի նիւթականացած մեր ընկերութեան մէջ:

Իր համեստ նկարագիրով, ծառայասիրութեամբ եւ ընկերասիրութեամբ` ընկեր Յովհաննէսը տակաւին երկար պիտի յիշուի իր ընտանիքին, ընկերներուն եւ շրջապատին կողմէ:

«Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին, կոմիտէութեան եւ խումբի իր ընկերներուն խորազգած ցաւակցութիւնները` իր կեանքի ընկեր տիկին  Սիրվարդին, իր բոլոր զաւակներուն եւ պարագաներուն:

Թող իր բարի յիշատակը անմեռ մնայ իր ընտանիքին, տիկնոջ, զաւակներուն եւ նորահաս սերունդի անդամներուն մէջ:

Երթդ բարի խոնարհ Յովիկ:

Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ` դաշնակցական ընկեր Յովհաննէս Կիւրիւնլեան:

«ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ» ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԵՆԷՆ
ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Leave a Reply

Advertisement