Tuesday May 21, 2013

Արեւելեան Բանաստեղծութիւններ

By adminx - Sat Aug 18, 5:34 am

Իսքանտար Հապաշ

Բանաստեղծ, թարգմանիչ, գրաքննադատ ու մտաւորական Իսքանտար Հապաշ ծնած է 1963-ին, Պէյրութ: Երկրորդական ուսումը տեղւոյն Մար Իլիաս վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, կը յաճախէ Լիբանանեան պետական համալսարանի ֆրանսերէն լեզուի եւ գրականութեան բաժանմունքը, զոր կ՛աւարտէ 1986-ին` ստանալով ֆրանսական գրականութեան լիսանսը, յետոյ` 1987-ին, ընկերային գիտութեանց լիսանսը:

1984-ին կը նետուի մամլոյ ասպարէզ ու գրական եւ իմացական շարք մը հանդէսներու մէջ կը ստորագրէ գրաքննադատական ու գրականագիտական յօդուածներ:

1989-ին կը միանայ «Սաֆիր» օրաթերթի գրականութեան եւ մշակութային ամէնօրեայ էջի անձնակազմին:

Հրատարակած է եօթը քերթողագիրքեր, որոնցմէ կ՛արժէ նշել` «Դիմանկար` մետաղեայ մարդու մը համար», «Կէս խնձոր», «Անոնց, որ մեկնեցան», «Կը բողոքեմ աշունը», «Եւ ես չունիմ յոյս` այս լռութեամբ»: Իր գրչին կը պատկանին քննադատական-գրականագիտական երեք հատորներ: Նաեւ զբաղած է թարգմանութեամբ եւ ժամանակակից համաշխարհային գրականութենէն արաբերէնի թարգմանած շուրջ քսանհինգ արձակ ու բանաստեղծական գիրքեր:

Իսքանտար Հապաշի կարգ մը բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են աւելի քան տասը լեզուներու, ինչպէս ֆրանսերէնի, անգլերէնի, իտալերէնի, սպաներէնի, փորթուգալերէնի, գերմաներէնի, յունարէնի, հայերէնի եւ քրտերէնի:

Մասնակցած է արաբական եւ եւրոպական բանաստեղծական փառատօներու, համագումարներու եւ թարգմանական գիտաժողովներու:

 

 

Բարեկամի Մը, Որ Ինք Նաեւ
Կը Կոչուի Իսքանտար Հապաշ

Այս գիշեր կրնաս գալ
որպէսզի ինծի պէս ծնիս աչքին արցունքէն,
այս բաժակը կրնաս ինծի հետ բաժնել,
որովհետեւ սիրտս, այս գիշեր,
սարսափահար գայլի նման
կը ցանկայ բարձրանալ լեռներ` հեռու իր որսէն
եւ իր ետին թողուլ ձանձրոյթը հրապոյրին…

Նաեւ
կրնաս հետս զրուցել
հովիւներուն մասին, որոնք, երբ գիշերը կը ժամանէ,
հրաժեշտ կու տան իրենց երազներուն
որպէսզի իյնան վագրին վիշտերուն մէջ…

Կրնաս գալ եւ ըլլալ բաժակակից ընկերս,
քանի՜ անգամ ես ցանկացի
աւերակը առանձինս վիճակագրել
եւ ցանկապատել – թէկուզ ցնորեալ – բոյրը ցօղին
որպէսզի աշունէ մը դէպի ամառ մը մեկնիմ…

Միայն եկուր
որ հիւսեմ քեզի հրապոյրներ բարձրասլաց
նման կարօտի ծառերուն
գուցէ բանաստեղծութիւնը մեզ տանի դէպի բեւեռն այն
հո՛ն
ուր գոյ է դաւաճանութիւնը ձիւնին
եւ պարտէզը մոլորումին
ուր կրնաս ետիդ թողուլ
տարիներն այս, որ արդէն յիսունի կը մօտենան
եւ տարտղնել ինչ որ աղէն մնաց քեզի
փոշիին կարաւաններուն վրայ…
Ոչինչ, կրնաս հետս զրուցել
Օլկային մասին, որ ծածկոցը դրաւ վրադ
եւ այն բոլոր գեղուհիներուն մասին,
որոնք իրենց բոյրերը բարձիդ վրայ մոռցան:
Եկուր,
կը խոստանամ քեզի
ուշի-ուշով մտիկ ընել պատմութիւնդ ալ
անոր մասին, որ քեզի հետ նոյն կինը սիրեց
նախքան որ ան ամուսնանայ
սաքսիֆոն նուագողին հետ:

Կրնաս գալ
չեմ ուզեր այս գիշեր առանձին մնալ
ես ունիմ բաւարար եղէգներ
որպէսզի անոնց վրայ նուագեմ
եւ բաւարար խմիչք ունիմ
որպէսզի խմենք կենացը… հովին
եւ նոյնքան մը բաւարար վիշտ ունիմ
որպէսզի զայն սփռեմ անոնց վրայ
որոնք հին ընկերներէս մնացին:

Ըսի քեզի
ես այսօր նման եմ սարսափահար գայլին
որ կը ցանկայ բարձրանալ լեռներ` հեռու իր որսէն
եւ մեկնիլ իր մենութեան մէջ
եւ թէ` ոչ մէկ ուժ ունիմ
որպէսզի կորուստը վերստին հիւսեմ
ինչ որ կ՛ընեմ այսօր,- յուշերը ստկել է
որքա՜ն դաժան է ան
երբ իրեն հետ չի բերեր լուսինը անցեալին
գեղեցիկ էինք այդ օր
եւ գեղեցիկ կը մեկնինք նաեւ
այս մահուան մէջ…

 

Կոյրին Համբերութիւնը

Սորվէ համբերութիւնը կոյրին
եւ այս կեանքէն ոչինչ սպասէ բացի սպասումէն:
Մարմինդ փխրուն պարզապէս սրբացեալ վայրդ է
եւ դուն, երկար գիշերիդ մէջ, թագաւորն ես վերջին,
որ իր ետին կը փակէ դուռը պարտէզին…
Սորվէ քիչ մը
բոլոր հողերդ նեղ են աքսորի պէս,
բոլոր գիշերներդ
կը մեկնին բառերուն պէս որ հոն մոռցար
երկու շրթունքի վրայ կորսուած բառերուն նման
ուր ոչ մէկ ձայն կը վերադառնայ,
ջնջէ ուրեմն ցերեկը ձեռքերէդ,
պիտի չերթայ հեռու
պիտի չանցնի սեմէն անդին ուր կը բնակի,
ոչինչ ըսէ հովին դաւաճանութեան
միայն
սորվէ համբերութիւնը կոյրին
եւ ժամանակը բաժնէ
մերկութեանդ եւ աղին միջեւ
մի՛ սպասեր
ոչինչ պիտի ըլլաս բացի
պարտէզին հողէն…

 

Արեւելեան Երգ

Երբ անունդ կը բերէ այս փոքրիկ արեւելեան երգը: Երբ – երկինքին վերեւ – քեզի կը բերէ այս խոր ստուերը, բարակ արձագանգը մետաղին: Երբ գաղտնիքը այս երկար ամիսներուն չ՛ընդունիր դառնութիւնը ժպիտին: Ուրեմն, երբեք դիւրին չէ, որ այս միջոցը վերստին ձեռք ձգէ բոյրը այլ ափերուն:

 

Ուղղահայեաց Շարժումներ

Երկար, երկար կը կառուցէի շարժումները ուղղահայեաց ծառերուն, կը կառուցէի խօսքեր: Կարծեցի, որ ան կրնայ սպասել դիպուածին եզրին, խաբկանքին եզրին: Ձայնաւոր տառերուն հետ կը հալածէի մանկութիւնը փախուստ տուող:

Ո՛չ, բնական տեսարանը չէ, որ փուլ կու գայ: Այլ աշունն է, որ կը կենայ բնագրին վիհեզրին:

 

Մութ Խօսքեր

Մութ խօսքերը գանգատին չէին նմաներ, չէին կրեր վիշտն այն, որ պատերազմներ կը մարգարէանար:

Մութ խօսքերը պարզապէս մութ էին: Սակայն, անձկութիւնն անոր, այս գիշեր, զայն օժտեց հազար բաներ ենթադրելու կարողութեամբ, ինչպէս բառերը իր կողքին` «խմարան»ի եզրին նստած մթահմայ աղջկան, ունին նմանութիւնը անխուսափելի պատերազմներու:

 

Ոտնագնդակ

Ամէն օր, կեանքիս վրայ կուտակուած այս խիտ խոտին վրայ, ոտքովս առաւօտեան արեւը կը հարուածեմ: Անկողինէս ստուերդ կը հարուածեմ եւ բառերն այն, որոնք չըսի քեզի: Ամէն օր, կը հարուածեմ ժամերը, որոնք վայրկեան առ վայրկեան կը հաւաքուին, որպէսզի խմիչքին շիշը գիշերուան գլխովս հարուածեմ:

Ամէն օր, կեանքիս վրայ կուտակուած այս խոտին վրայ, բացակայութեան դարպասը կը պաշտպանեմ:

 

Ունկնդրութիւն

Կ՛ունկնդրեմ ձայնը ոտքերուդ
որպէսզի աշխարհի չորս ծագերուն չկորսուիմ կ՛ունկնդրեմ ինչ որ պիտի ըսես
նախքան որ անոնք` ոտքերդ երկու
անկողինէն մեկնին
որ մնամ առանձին:

 

Կեանք

Դուրս կու գամ ձեռքերէդ,
եւ այս արտը
ձմրան նման չ՛երգեր
եւ ոչ ալ կը լեցնէ
ճեղքերն այն, որ մնացին կեանքէն:

Դուրս կու գամ այս արտէն…

Կեանքս կը ստկեմ
ձմեռէն:

 

Ցաւ

Կը շպրտեմ այս ցաւը

ճիշդ այնպէս
ինչպէս մանուկը խիճ մը կը նետէ
ծովուն մէջ…

Կը շպրտեմ այս ցաւը
կեանքը ա՛լ կարելի չէ ապրիլ
եթէ ստորակէտը մեկնի
նախադասութեան կէսէն:

Կը շպրտեմ
այս ցաւը
յար եւ նման խիճին
որպէսզի լռութիւնը ծփայ մակերեսին ջուրերուն:

Կը շպրտեմ այս ցաւը
դեռ կայ ցաւ մը ուրիշ
զոր տակաւին չգրեցինք:

 

Ծաղիկներ

Ծաղիկները իրենց զղջումը թուլցուցին…

Մի՛ թողուր ոչ ոքի
այս թերթիկները հաւաքել
մի՛ թողուր մատներուդ
հոսիլ անոր կռնակն ի վար
խօսքի մը պէս մոլորած

Ձգէ՛ ինծի յետոյ նայէ

Ծաղիկները տակաւին
այն ոստերն են
որոնց մէջ մեր օրերը կը բնակին

Տուր ակնթարթ մը անոր
որպէսզի ան ըլլայառաւօտէ մը աւելի
յոյսէ մը աւելի
որ աշնան վարժուեցաւ

Ծաղիկները տակաւին
յուշեր են որ կը թողունք
նախքան որ
ջուրերը չորնան:

 

Ժպիտ

Ան ժպիտն է
որ մեզի համար կեանք մը կը դասաւորէ:

Ան մեծ ցաւն է
որ գիշերուան խորէն կու գայ:

Կեանքն ուրիշ բան չէ
բացի մեր կորսնցուցածէն
կեանքն ուրիշ բան չէ
բացի երկու ստուերէ
որոնք մոռցան որ տարիները բոլոր
կրկներեւոյթն են յիշողութեան
որ խորախոր կը փորէ
անձրեւին պէս այս աշնան:

 

ԻՍՔԱՆՏԱՐ ՀԱՊԱՇ
(Հայացուց` Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ)

 

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement