Մեր Ուղեղը (Ա. Բաժին)
By adminx - Sat Aug 18, 5:32 am
- 0 Comments
- 79 views
- Tweet
Email
Print
Ան մեր մարմնին ամէնէն բարդ եւ ամէնէն կարեւոր գործարանն է: Դուրսէն ան վարդագոյն է, ներսէն` մոխրագոյն եւ ճերմակ եւ ունի բազմաթիւ ծալքեր: Ան կը կշռէ 1 – 2 քիլօ` չափահասի մը պարագային: Սակայն ի՞նչ են անոր կարողութիւնները: Փորձենք հասկնալ:
1) Ինչի՞ կը ծառայէ ուղեղը
Ուղեղը շատ բաներու կը ծառայէ: Ան է, որ մեզի կարողութիւնը կու տայ մտածելու, յիշելու, երեւակայելու, յուզումներ զգալու: Ան մարմնին մնացած բաժիններուն կու տայ հրամաններ, որոնք մեզի կարողութիւնը կու տան շարժելու, խօսելու:
Նոյն ատեն ուղեղն է, որ կը ստանայ մարմնին զգացումները` տեսողութեան, համի, դպնալուն, լսողութեան եւ հոտառութեան շնորհիւ: Ան նաեւ կը բանի առանց մեր ուշադրութիւնը գրաւելու, որպէսզի մեր մարմնին բոլոր գործարանները լաւ աշխատին:
Ուղեղը կը պարունակէ 100 միլիառ մոխրագոյն բջիջներ: Այս բջիջները իրարու կապուած են ճերմակ թելերով, որոնց ընդմէջէն տեղեկութիւնները կ՛անցնին մանր ելեկտրական նշաններու ձեւին տակ:
Մարդկային ուղեղ մը կը պարունակէ 100 հազար քմ ճերմակ թելեր: Ուղեղը կը մտածէ տեղեկութիւնները մոխրագոյն բջիջներուն միջեւ շրջեցնելով:
3) Ան բազմաթիւ բաժիններ ունի՞
Ուղեղին գլխաւոր մասը բաժնուած է երկու կէսերու. աջ կիսագունդը կը կառավարէ մարմնին ձախ կողմը, իսկ ձախ կիսագունդը` մարմնին աջ կողմը: Ուրիշ բաժիններ կը կառավարեն նաեւ մեր մարմնին անհրաժեշտ գործողութիւնները, ինչպէս` շնչառութիւն, անդրադարձ շարժումները… Բոլոր այս բաժինները միասին կ՛աշխատին, երբ մենք կը մտածենք, գործ կը տեսնենք կամ երբ յուզումներ կը զգանք:
4) Ինչպէ՞ս ան կը ղեկավարէ մարմինը
Ուղեղին մէջ մարմնին իւրաքանչիւր բաժին ղեկավարելու շրջան մը կայ: Սակայն մենք պէտք չունինք անոր մասին մտածելու, ամէն անգամ երբ ուզենք մկան մը շարժել: Ուղեղը կարող է ինքնաբերաբար կատարելու աշխատանքին մեծ մասը: Ան կը ճշդէ մարմնին դիրքը, եւ մկաններուն կը հրահանգէ այդ նպատակին հասնելու համար կատարել անհրաժեշտ շարժումը: Մենք որքան փորձ կատարենք շարժում մը կրկնելու, այնքան մեր ուղեղը կը զարգացնէ այդ շարժումը հրահանգող շրջանը, ըլլայ ան գնդակ մը նետելու պարագային կամ ջութակ մը նուագելու:
5) Ինչպէ՞ս կը սորվի ուղեղը
Մարդոց եւ անասուններուն ուղեղին միջեւ տարբերութիւնը մարդկային ուղեղին սորվելու մեծ կարողութիւնն է: Երբ մենք նոր բաներ կը սորվինք, ուղեղը բազմաթիւ նոր կապեր կը ստեղծէ իր մոխրագոյն բջիջներուն միջեւ: Մենք որքան այս սորված նոր տեղեկութիւնները գործածենք, այդքան այդ կապերը կը զօրանան: Ասիկա կը նմանի ճամբու մը, որ միշտ աւելի կը լայննայ, որովհետեւ մենք անոր յաճախ կը հետեւինք: Այս պատճառով է, որ մենք մարզի մը մէջ աւելի լաւ կը դառնանք, երբ յաճախ փորձեր կը կատարենք:
Ուղեղը շատ կը փոխուի կեանքին առաջին տասը տարիներուն ընթացքին եւ կը շարունակէ ինքզինք փոփոխութիւններու ենթարկել մինչեւ մօտաւորապէս 20 տարեկան: Նոյնիսկ չափահաս տարիքին ուղեղը կը պահէ իր կարողութիւնը` սորվելու նոր բաներ եւ փոխելու իր սովորութիւնները:
Հարցարան
Մեր Անհաւատալի Մարմինը
Մարդկային մարմինը բաղկացած է մօտաւորապէս 100 թրիլիոն բջիջներէ: Բոլոր այս բջիջները միասին կը կազմեն գործարաններու եւ մարմնի ուրիշ բաժիններու խումբ մը, որ մեզ կենդանի եւ լաւ կը պահէ:
Մենք ի՞նչ գիտենք մեր մարմնին մասին…
1) Մեր ձեռքերու եւ ոտքերու վրայի եղունգները բաղկացած են քերաթինէ, որ կը գտնուի մեր մազի թելերուն մէջ: Սակայն տարբերութիւններ գոյութիւն ունին մեր ձեռքի եւ ոտքի եղունգներուն միջեւ: Եթէ մենք աջլիկ ենք, ապա մեր աջ ձեռքի եղունգները շատ աւելի արագ կ՛երկարին, քան` ձախ ձեռքի եղունգները: Հակառակը կը պատահի ձախլիկներու պարագային: Սակայն ոտքերու պարագային, երկու ոտքերուն եղունգները նոյն արագութեամբ կ՛երկարին: Սակայն ոտքի եւ ձեռքի եղունգները տարբեր արագութեամբ կ՛երկարին: Որո՞նք աւելի արագ կ՛արկարին:
ա – Ձեռքի եղունգները:
բ – Ոտքի եղունգները:
2) Մորթը մեր մարմնին ամէնէն մեծ գործարանն է: Որքա՞ն է անոր մեծութիւնը:
ա – 0,7 քառ. մեթր, այսինքն` մօտաւորապէս 4 լայն փիծծայի տուփերու հաւասար:
բ – 1-8 քառ. մեթր, այսինքն` քիչ մը աւելի փոքր, քան` սենեակի մը սովորական չափով դուռը:
3) Միջին հասակով շունի մը ուղեղը կը կշռէ մօտաւորապէս 85 կրամ, գրեթէ կիտրոնի մը ծանրութեան հաւասար: Մարախի մը ուղեղը մօտաւորապէս 30 կրամին մէկ հազարերորդը կը կշռէ, այսինքն` գրեթէ բրինձի հատիկի մը չափ: Չափահաս մարդուն ուղեղը կը կշռէ մօտաւորապէս.
ա – «Այսպերկ» հազարի չափ:
բ – «Քանթալուփ» սեխի մը չափ:
4) Մարմնին մէջի երկաթը կը գտնուի յատկապէս արեան կարմիր գնդիկներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` մարմնին տարբեր գործարաններուն մէջ ամբարուած: Մարմնին այս ամբողջ երկաթին քանակը հաւասար է շինելու
ա – Պզտիկ գամ մը:
բ – Մկրատ մը:
5) Մարմինը կազմուած է 60 առ հարիւր ջուրէ: Անձ մը մօտաւոր հաշուով քանի՞ լիթր ջուր կը խմէ իր կեանքին ընթացքին:
ա – Մօտաւորապէս` 72 հազար լիթր:
բ – Մօտաւորապէս` 171 հազար լիթր:
6) Օրուան ընթացքին ե՞րբ մեր տեսողութիւնը աւելի սուր կ՛ըլլայ:
ա – Առտուն:
բ – Կէսօրին:
7) Մօրուքը ամէնէն արագ աճող մազն է: Եթէ միջին հաշուով մարդ մը իր մօրուքը բնաւ չկտրէ, ան որքա՞ն պիտի երկարի անոր կեանքին ընթացքին:
ա – 9 մեթր:
բ – 16,5 մեթր:
8) Մարդիկ աչքերնին կը թարթեն իրենց աչքը խոնաւ եւ մաքուր պահելու համար` արցունքներուն միջոցով: Սակայն մարդիկ աչքերնին կը թարթեն նաեւ, երբ անոնք յոգնած են կամ զօրաւոր լոյսէն պաշտպանուելու համար: Մեր մտածածը կամ զգացածն ալ կ՛ազդէ մեր թարթելու յաճախականութեան վրայ: Օրուան ընթացքին կին մը իր աչքերը կը թարթէ.
ա – Այր մարդէն երկու անգամ աւելի:
բ – Այր մարդէն երկու անգամ պակաս:
9) Ո՞րն է մեր մարմնին ամէնէն կարծր բաժինը:
ա – Մեր ակռաները պաշտպանող էմայի խաւը:
բ – Մեր գանկը:
10) Մեր արիւնը մեր մարմնին մէջ կը շրջի տարբեր չափի երակներու միջոցով: Անոնք կրնան ունենալ մօտաւորապէս 2,5 սմ լայնք, սակայն անոնք կրնան այնքան բարակ ըլլալ, որ մենք չենք կրնար մեր պարզ աչքերով տեսնել անոնց հաստութիւնը: Քանի՞ քիլոմեթր երկարութեամբ երակ գոյութիւն ունի մեր մարմնին մէջ:
ա – Մօտաւորապէս` 5600 քմ: Եթէ անոնք քով-քովի դրուին, կրնան Նիւ Եորքը Լոնտոնի կապել:
բ – Աւելի քան 148,800 քմ: Քով-քովի դրուած` անոնք կրնան երկրագունդին հասարակածի շրջանին վրայ 4 անգամ դառնալ:
11) Մեր ուղեղին մոխրագոյն բջիջները իրարու հետ կը կապուին ելեկտրաքիմիական նշաններու շնորհիւ: Ի՞նչ արագութեամբ կը շարժին այս նշանները բջիջէ բջիջ:
ա – Ժամական 400 քմ արագութեամբ:
բ – Երկվայրկեանին մէջ 400 քմ արագութեամբ:
12) Մեր սիրտը օրական 100 հազար անգամ կը բաբախէ` մեր ամբողջ մարմնին արիւն ուղարկելով: Որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի արեան բջիջ մը մեր մարմնին մէջ լման շրջան մը ընելու համար:
ա – Մէկ վայրկեանի:
բ – Վեց ժամի:
Պատասխանները Վերջաւորութեան
Վիտէօ-Խաղ Մը`
Մեծ Մայրիկին Համար
Տիլըն Վիալէ 11 տարեկան ամերիկացի տղայ մըն է: Ան շատ կը սիրէ վիտէօ-խաղերը: Ան կ՛ուզէ իր այս նախասիրած ժամանցը իր շատ սիրելի մեծ մօր` Շերրի Նիսենի հետ խաղալ:
Սակայն այս վերջինը տարիներէ ի վեր կոյր է: Հետեւաբար Տիլըն որոշած է անոր յատուկ վիտէօ-խաղը ստեղծել:
Ան սորված է խաղ մը ստեղծել կէյմ մէյքըրի յայտագիրով մը:
Քուաքի՛զ Քուէսթ կոչուած այս խաղը կը ներկայացնէ բադիկ մը, որ կ՛ուզէ հաւկիթ մը գտնել լաբիւրինթոսի մը մէջ: Ձայներն են, որոնք կ՛ուղղեն խաղցողը եւ ո՛չ` տեսողութիւնը: Տիլըն իր դպրոցին մէջ գիտութեան մրցումի առաջնութիւնը շահած է` շնորհիւ այս հանճարեղ իր գիւտին, զոր իր մեծ մայրը շատ կը սիրէ խաղալ:
Ժամանց

Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերու գումարումին:
Պատասխաններ
1 – ա, 2 – բ, 3 – բ, 4 – ա, 5 – ա, 6 – բ, 7 – ա, 8 – ա, 9 – ա, 10 – բ, 11 – ա, 12 – ա:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
- 0 Comments
- 79 views
- Tweet
Email
Print







