Saturday May 25, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Sat Aug 18, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հետեւեցէք օրուան ելեւէջներուն` նիւթական ձեր հարցերը կարգադրելով: Ոչինչ ձգեցէք վաղուան, որովհետեւ վաղը այլ աշխատանք ունիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գումար մը պիտի յատկացնէք կարիքաւոր անձի մը, որ երախտապարտ պիտի մնայ, որովհետեւ ան չքաւորութեան մատնուած ըլլալով` անյոյս էր:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նուէր մը կատարելու մասին կը մտածէք: Գիտցէք, որ նուէրի մը արժէքը իր գինին մէջ չէ, այլ` մատուցուած յարգանքին: Գոհունակութիւն պիտի զգաք ձեր վերաբերումէն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ինչ որ տուած ես ուրիշին, փոխարէնը մի՛ ակնկալեր: Բարիքը ըրէք եւ մոռցէք: Օր մը անպայման պատասխանը կը ստանաք անակնկալ կերպով, որ կ՛ուրախացնէ եւ նոյն ատեն կը զարմացնէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դատական հարց մը պիտի վճռուի ի նպաստ ձեզի: Ձեր իրաւունքը պիտի ստանաք առանց ձեր հետապնդումին: Արդարութիւնը չի մեռնիր:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վիճակահանութեան տոմսով մը փորձեցէք ձեր բախտը: Յոյսով ապրիլն ալ ունի բարենպաստ ազդեցութիւն: Օրը բախտաբեր կրնայ ըլլալ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Իրագործուած յաջող աշխատանքի մը գոհունակութիւնը պիտի զգաք: Օգտուեցէք արձակուրդի ձեր օրերէն` առանց մտածելու վաղուան մասին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մի՛ կարծէք, որ ձեր աշխատանքը ապարդիւն է: Այսօր կամ վաղը պիտի կարենաք վայելել ձեր իրագործած ջանքերուն արդիւնքը: Օրը բարի է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հարց մը լուծելու համար անոր մանրամասնութիւնները մէկ կողմ դրէք: Կարեւորը հիմնական երեսը լուսաւորելն է: Բծախնդրութիւնը ուրիշ օրուան մը ձգեցէք: Յարմարելու նայեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշադրութեամբ հետեւեցէք ձեր աշխատանքին եւ ձեր վարուելակերպին: Ձեր պարտականութիւնները կատարեցէք ամենայն հանդարտութեամբ, այդքանը կը բաւէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երկարատեւ բացակայութենէ ետք գտած էք ձեր հարազատ վայրը, ուր պիտի կարենաք իրագործել նոր որոշումներ` ըստ ձեր բաղձանքին: Ուրախ էք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ գումար մը պարտական էք անձի մը եւ մոռցած էք վճարելու, այսօր կատարեցէք ձեր պարտականութիւնը, ներողամտութեամբ: Կը յարգուիք:

 

Leave a Reply

Advertisement