Ազգային «Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան» Քոլեճ. Յայտարարութիւն
By adminx - Fri Aug 17, 7:23 am
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print
Ազգային «Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան» քոլեճի տնօրէնութիւնը գոհունակութեամբ կը յայտնէ, որ պետական քննութեանց Ա. հանգրուանին քոլեճս արձանագրած է հետեւեալ արդիւնքները.
Բ. պաքալորէայի կենսաբանութեան բաժինէն յաջողած են 6 աշակերտներէն 5-ը. Արփա Այնթապլեան (լաւ), Սելլա Պաթուզեան, Ցոլեր Գէորգեան, Վիքի Քէնտիրճեան, Փոլին Սագարեան:
Բ. պաքալորէայի ընդհանուր գիտութեանց բաժինէն յաջողած են 5 աշակերտներէն 4-ը. Արփա Թաշճեան (լաւ), Յակոբ Չեքիճեան, Վաչէ Տաղլեան, Րաֆֆի Թասլաքեան:
Բ. պաքալորէայի ընկերատնտեսագիտութեան բաժինէն յաջողած են 3 աշակերտներէն 3-ը. Մեղրի Քենտիրճեան, Նանօր Թասլաքեան, Արմիկ Քէշիշեան:
Պրէօվէի դասարանէն յաջողած են 14 աշակերտներէն 10-ը. Գարին Գէորգեան (շատ լաւ), Շաղիկ Թերզեան (լաւ), Գառնի Քենտիրճեան (լաւ), Սեւանա Ճապրայեան, Արփա Թասլաքեան, Պօղոս Սթամպուլեան, Դալար Տեմիրճեան, Տաւիղ Ադամեան, Վարանդ Տումանեան, Սարօ Տումանեան:
Կը շնորհաւորենք յաջողած աշակերտները, անոնց ծնողներն ու քոլեճիս ուսուցչակազմը` մաղթելով, որ երկրորդ առիթով տեղի ունենալիք քննութեանց յաջողին նաեւ մնացեալ աշակերտները:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print



