Նալբանդեան Երկու Փաստաթուղթ Ստորագրեց Ֆիլիփինցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
By adminx - Fri Aug 17, 8:24 am
- 0 Comments
- 67 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆիլիփեան կղզիներ:
Մանիլայի մէջ Ֆիլիփեան կղզիներու նախագահ Պենիկնօ Աքինօ ընդունեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը: Աքինօ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին առաջին այցելութիւնը Ֆիլիփեան կղզիներ նոր թափ հաղորդէ երկկողմանի համագործակցութեան:
Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ իր այցելութեան նպատակը Ֆիլիփեան կղզիներուն հետ համագործակցութիւնը նոր մակարդակի վրայ բարձրացնելն է:
Տեղի ունեցան Նալբանդեանի եւ Ֆիլիփեան կղզիներու արտաքին գործոց նախարար Ալպերթ Տել Ռոսարիոյի բանակցութիւնները, որոնց աւարտին նախարարները ստորագրեցին «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Ֆիլիփեան կղզիներու արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը» եւ «Հայաստանի կառավարութեան եւ Ֆիլիփեան կղզիներու կառավարութեան միջեւ դիւանագիտական կամ պաշտօնական անձնագիրներ ունեցող անձերու մուտքի արտօնագիրի պահանջէն ազատ կացուցելու մասին համաձայնագիրը»:
Ալպերթ տել Ռոսարիոն ընդունեց Էդուարդ Նալբանդեանի` Երեւան այցելելու հրաւէրը:
- 0 Comments
- 67 views
- Tweet
Email
Print




