Tuesday Jun 18, 2013

Նախարար Օհանեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

By adminx - Fri Aug 17, 8:17 am

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան նոր նշանակուած զինուորական կցորդ, գնդապետ Ճեֆրի Սթիմսոնը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յոյս յայտնեց, որ նոր նշանակուած զինուորական կցորդը իր ներդրումը պիտի ունենայ հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ խորացման գործին մէջ:

«Միացեալ Նահանգներու զինուորական կցորդը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` բարձր գնահատեց հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ վստահեցուց, որ համագործակցութեան մարզին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները շարունակական ըլլան»,  ըսուած է պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Leave a Reply

Advertisement