Անցեալ Շաբաթ Ազրպէճանցիք Զինադադարը Խախտեցծին 200 Անգամ
By adminx - Fri Aug 17, 8:14 am
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print
Արցախի բանակի տուեալներուն համաձայն, նախորդ շաբթուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 200 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են շուրջ 1000 կրակոցներ:
Բանակի յառաջապահ զօրամասերը, հաւատարիմ մնալով զինադադարի պահպանման դրութեան, ձեռնպահ մնացած են հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն պատասխանելէ եւ վստահօրէն իրականացուցած են մարտական հերթապահութիւնը:
- 0 Comments
- 33 views
- Tweet
Email
Print



