Ազգային Երկխօսութեան Նիստ` Պըրրիի Եւ Ֆրենժիէի Բացակայութեան
By adminx - Fri Aug 17, 8:02 am
- 0 Comments
- 71 views
- Tweet
Email
Print
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցի դահլիճներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստը, որմէ բացակայեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, ինչպէս նաեւ Սաատ Հարիրի` երկրէն դուրս ըլլալնուն պատճառով, եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ` նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելուն պատճառով:
Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, երեսփոխան Միշել Մըր, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Մոհամետ Սաֆատի, երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, երեսփոխան Ժան Օղասապեան, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ Ֆայեզ Հաժ Շահին:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ զոյգ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Դռնփակ հանդիպումներէն ետք նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը նիստի պիտի չհրաւիրէ` աւելցնելով, որ անոր կարիքը չկայ:
Լիբանանի ապահովական կացութեան անդրադառնալով` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ պէտք է դրական ըլլալ:
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Սլէյման նշեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ անոնք լաւ են: Իսկ Մըքտատ ընտանիքին զինուորական թեւին յայտարարելիք անակնկալին մասին նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ այդ անակնկալը ըլլայ Սուրիոյ եւ Ազազի մէջ առեւանգեալներուն ազատ արձակումը:
Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց առեւանգումի ձեւերը չօգտագործելու` տուն վերադարձնելու համար առեւանգուած լիբանանցիները:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նիստին մասնակցող ղեկավարները համաձայնեցան, որ նախագահ Սլէյման Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին իր պատկերացումը ներկայացնէ երկխօսութեան յաջորդ նիստին ընթացքին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայութեան:
Նիստին ընթացքին կառավարութենէն պահանջուեցաւ ապահովական բոլոր միջոցառումները որդեգրել ` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտօնական մակարդակի վրայ աշխատանք տանիլ` լիբանանցի առեւանգեալները ապահով տուն վերադարձնելու:
Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցան Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը յաջող կերպով կայացնելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ պահպանելու լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը` փաստելով, որ Լիբանան պատգամի երկիր է:
Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստին թուական ճշդուեցաւ 20 սեպտեմբերը:
ՄԻՔԱԹԻ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ»
Ազգային երկխօսութեան նիստէն ետք եւ կառավարութեան գումարելիք նիստէն առաջ վարչապետ Միքաթի զրոյց մը ունեցաւ Պէյթէտտինի պալատին մէջ գտնուող լրագրողներուն հետ:
Ան հաստատեց, որ իրենք կը հետեւին Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներու թղթածրարին եւ այդ իմաստով կը խորհրդակցին:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ հակառակորդ կողմերէ կատարուող առեւանգումները, սպառնալիքներն ու տեղեկատուական յանդգնութիւնը մերժելի են:
«Լիբանան արտակարգ եւ դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի եւ կարիքը ունի արտակարգ կառավարական կազմի մը, որուն մենք դէմ չենք, սակայն մինչեւ նման կառավարութեան մը կազմութիւնը անկարելի է երկիրը անիշխանութեան մէջ ձգել», ըսաւ ան` դրուատելով լիբանանեան բանակը, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ուժերն ու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, որոնք ապահովական դաւադրութիւնները բացայայտած էին:
Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց նաեւ տարբեր լրատուամիջոցներուն` պատասխանատու ըլլալու իրենց առաքելութեան մէջ:
Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ ինք երաշխիքներ ստացած է Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան անգամ մը եւս չփակելու առումով:
«Մենք կը գտնուինք փոթորիկի մը դիմաց եւ եթէ միասնականութեամբ չգործենք, չենք կրնար երկիրը պահել», ըսաւ ան:
- 0 Comments
- 71 views
- Tweet
Email
Print




