Անորոշութիւն` Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ճակատագիրին Շուրջ
By adminx - Fri Aug 17, 7:58 am
- 0 Comments
- 71 views
- Tweet
Email
Print
Հալէպի մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն ճակատագիրին շուրջ անորոշութիւնը կը մնայ տիրական, որովհետեւ ոմանք կը յայտարարեն, թէ Ազազի ռմբակոծումին ընթացքին անոնցմէ չորսը զոհուած են, իսկ մնացեալ եօթն վիրաւոր վիճակի մէջ փոխադրուած Քիլիս, իսկ ոմանք կը յայտարարեն, թէ 11 լիբանանցիները ողջ-առողջ են եւ կը գտնուին Թուրքիա:
Այս շրջագիծին մէջ, առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւող պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ լիբանանեան պետութենէն պահանջեց
թրքական իշխանութիւններէն խնդրել, որ վերջ տան առեւանգուածներուն վերաբերող տեղեկութիւններուն տարածումին, որպէսզի քաոսային իրավիճակ մը չստեղծուի Լիբանանի մէջ:
Շէյխ Զղէյպ շեշտեց, որ Ազազի ռմբակոծումին եւ առեւանգուած քանի մը լիբանանցիի սպանութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները թրքական գաղտնի սպասարկութեանց հնարած լուրերն են:
Ան շեշտեց, որ Թուրքիա պէտք է վերջ տայ իր խաղերուն, որովհետեւ մարդոց հոգիները անոր ձեռքերուն մէջ խաղալիկներ չեն:
«Իսկ եթէ ստոյգ ըլլան այն տեղեկութիւնները, որ մեր հարազատները զոհ գացած են ռմբակոծումի, մենք զանոնք նահատակներ կը նկատենք եւ գիտենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լուծել անոնց վրէժը», հաստատեց շէյխ Զղէյպ:
Ան աւելցուց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան փակելը առեւանգեալներու ընտանիքներուն համար զբաղում է եւ ոչ թէ մագլցողական քայլ եւ եզրափակեց ըսելով, որ Թուրքիա կը ջանայ քանդել Լիբանանը:
Երեկոյեան կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շէյխ Զղէյպ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին կողմէ առեւանգեալներու թղթածրարին հետեւող նախարարական յանձնախումբի մը կազմութիւնը ողջունելի է, թէեւ անիկա ուշացած քայլ մըն է:
Ան տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքէն պահանջեց բացայայտել այն կողմը, որ իրենց երաշխիքներ տուած է` առեւանգեալներուն ողջ-առողջ ըլլալուն առնչութեամբ:
«Թուրքիա պատասխանատու է առեւանգուած լիբանանցիներուն ապահովութեան, ինչպէս նաեւ անոնց Լիբանան տունդարձին», ըսաւ շէյխ Զղէյպ:
Նշենք, որ Ազազի ընդդիմադիր ուժերու տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Մոհամետ Նուր շեշտեց, որ նախանցեալ օր ռմբակոծումէն փուլ եկած կառոյցներուն տակէն դուրս բերուած են լիբանանցի 4 առեւանգեալներուն դիակները` աւելցնելով, որ մնացեալ 7 լիբանանցիները լաւ վիճակի մէջ են եւ կը գտնուին ապահով վայրի մը մէջ, զիրենք առեւանգողին` Ապու Իպրահիմի մօտ:
Ընդդիմադիր յեղափոխական Ռատիֆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ապու Ապտել Ռահման շեշտեց, որ Ազազի ռմբակոծումը լիբանանցի առեւանգուածները թիրախ չէ դարձուցած:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ նախանցեալ օր կը գտնուէր Մեքքէ` Լիբանանը ներկայացնելու Սուրիոյ տագնապին հարցով Իսլամական երկիրներու խորհրդաժողովի կազմակերպութեան արտակարգ վեհաժողովին, հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ թուրք իր պաշտօնակիցը` Ահմեթ Տաւութօղլու:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը եւ այդ իմաստով թրքական ջանքերը` նկատի ունենալով նաեւ այն տեղեկութիւնները, թէ Ազազի մէջ առեւանգեալներուն կեցութեան վայրը ենթարկուած է ռմբակոծումի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ թուրք քաղաքացիի մը առեւանգումին հարցը:
Կիւլ շեշտեց, որ Թուրքիա ճիգ չի խնայեր ազատ արձակելու համար լիբանանցի առեւանգեալները` նշելով, որ ինք պատասխանատու չէ անոնց առեւանգումին:
Իր կարգին, Մանսուր յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան ինք Տաւութօղլուէն իմացած է, թէ 11 լիբանանցի առեւանգեալները ողջ-առողջ են եւ թէ անոնց սպանութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են:
Մանսուր շեշտեց, որ թուրքերը կը միջնորդեն առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն եւ ոչ թէ լիբանանցի քաղաքացիները առեւանգողներն են: Ան հաստատեց, որ թրքական իշխանութիւնները խնդրած են հանդարտ մնալ եւ արտօնել, որ իրենք առանց աղմուկի լուծեն այդ հարցը:
Յայտնենք, որ երէկ երեկոյեան «Մուխթար Սաքաֆ»ի փաղանգը ցուցադրեց Լիբանանի մէջ իր առեւանգած սուրիացի քաղաքացիները, որոնք կը պատկանին Սուրիական ազատ բանակին եւ կը զբաղին զանոնք զինելու աշխատանքով:
Առեւանգուած 14 սուրիացիները շեշտեցին, որ իրենք «հիւրեր» են եւ որ իրենք առեւանգուած են Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն տունդարձը ապահովելու նպատակով:
Անոնցմէ մէկը` Թալալ Մահմուտ Խարազի, որ յայտնեց, թէ ինք Հոմսի բնակիչ է, շեշտեց, որ ինք Սուրիական ազատ բանակին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ, ինչպէս նաեւ զէնք եւ նիւթական օժանդակութիւն կ՛ապահովէ երեսփոխան Խալետ Տահերի եւ նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշի կողմէ:
Պէտք է նշել, որ առեւանգեալ լիբանանցիներուն ընտանիքները այս փաղանգին գոյութեան մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին, սակայն անոնք դիտել տուին, որ եթէ լուծումը այդ է, ապա համաձայն են:
ՆՇԵՆՔ, որ Սուրիոյ տագնապին հարցով Իսլամական երկիրներու խորհրդաժողովի կազմակերպութեան արտակարգ վեհաժողովին ընթացքին վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի կողմէ Սուրիոյ նկատմամբ որդեգրուած չէզոք կեցուածքը երկիրը փրկած է մեծ վնասներէ եւ ապահովական ապակայունութենէ:
Նշենք, որ երէկ գիշեր 11 լիբանանցիները առեւանգած խմբաւորումի պատասխանատու Ապու Իպրահիմ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած տեսանիւթի մը մէջ յայտարարեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներէն 4-ը սպաննուած են սուրիական բանակի օդուժի ռմբակոծումին պատճառով, իսկ միւս 7-ն վիրաւորուած են: Առեւանգեալ լիբանանցիներէն մէկուն կինը` Հաժժէ Հայաթ իր կարգին ըսաւ, որ
«Էլ. Պի. Սի.»-էն յայտարարութիւն կատարած անձերը վստահելի չեն, «Եւ մենք տեղեկութիւն ունինք, որ 11 լիբանանցիները ուրիշ տեղ փոխադրուած են, նախքան Ազազի ռմբակոծումը սուրիական բանակի օդուժին կողմէ:
- 0 Comments
- 71 views
- Tweet
Email
Print




