Իսլամական Համագործակցութեան Խորհուրդին Սուրիոյ Անդամակցութիւնը Սառեցուեցաւ. Ապահովութեան Խորհուրդը Որոշեց Վերջ Տալ Սուրիոյ Մէջ Դէտերու Առաքելութեան
By adminx - Fri Aug 17, 7:40 am
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութեան վերաբերող նիստին աւարտին Ֆրանսայի պատուիրակ Ժերար Արօ յայտարարեց, որ «խորհուրդը որոշեց վերջ տալ Սուրիոյ մէջ դէտերուն առաքելութեան», իսկ անոր առաքելութիւնը վերջ կը գտնէ կիրակի կէս գիշերին: Ան ըսաւ, որ խորհուրդը որոշեց Դամասկոսի մէջ քաղաքական գրասենեակը պահել:
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն պատուիրակ Վիթալի Չուրքին Ապահովութեան խորհուրդի ժողովէն ետք ցաւ յայտնեց խորհուրդին որդեգրած որոշումին համար եւ Սուրիոյ շուրջ կապի խմբակը այսօր ժողովի հրաւիրեց` յոյս յայտնելով, որ քննարկումները շինիչ ըլլան:
Նիստի նախօրեակին Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ուենտի Շըրմընի հետ հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց «ՄԱԿ-ը Սուրիոյ մէջ պահելու»` շեշտելով, որ «անոր ներկայիս դուրս գալը ամբողջ շրջանին վրայ ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ»:
Իրան երէկ դատապարտեց Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցումը` զայն նկատելով «անիրաւ» որոշում մը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Մեքքայի մէջ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «պէտք էր Սուրիան վեհաժողովին հրաւիրել, որպէսզի կարենայ ինքզինք պաշտպանել»:
57 անդամ երկիրներէ բաղկացած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը հինգշաբթի առաւօտեան Մեքքայի մէջ իր ժողովի աւարտին խորհրդանշական քայլով մը որոշեց սառեցնել Սուրիոյ անդամակցութիւնը:
Սալեհի յայտնեց, որ այդ որոշումը «կատարելապէս կը հակասէ կազմակերպութեան կանոնադրութեան»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ ողջունեց Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցումը եւ այդ քայլը սուրիական վարչակարգին միջազգային մեկուսացման արտայայտութիւնը նկատեց:
Նուլընտ գովաբանեց Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը իր այս քայլին եւ Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծման նկատմամբ յանձնառութեան համար:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ իր կարգին Մեքքայի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ «երկրի մը վարչապետին անջատումն ու վարչակարգին դէմ զինեալ պայքարին միանալը յայտարարելը ցոյց կու տան, որ հարցը գաղափարական խմբաւորման մը հարցը չէ, այլ` ժողովուրդի մը, իսկ այդ պայքարը սուրիական բանակի զինուորները սկսան: Ան նշեց, որ Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցումը սուրիական վարչակարգին օրինականութեան տապալումը կը նշանակէ:
Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ «մենք դէմ ենք որեւէ վարչակարգի, որ մարդիկը կ՛անիրաւէ եւ արդարութիւն չի գործեր, ինչպէս նաեւ երկիրը կը դնէ բոլորին կողմէ անընդունելի վիճակի մէջ, այդ վարչակարգին ղեկավարը սիւննի ըլլայ կամ շիի: Քազզաֆի սիւննի էր, Սատտամ եւս սիւննի էր, բայց եւ այնպէս անոնց ընդդիմացանք»:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Կիւլ Սուրիոյ հարցով հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ: Անոնք նշած են, որ Սուրիոյ իրադարձութիւններով անհանգստացած են: Կողմերը քննարկած են նաեւ Սուրիոյ հարցով հետագայ ընելիքները:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ յայտարարեց, որ Արաբական լիկան եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը միայն Սուրիոյ անդամակցութիւնը չսառեցուցին, այլեւ անոր դէմ դաւ նիւթեցին: Ան այդ կազմակերպութիւնները ամբաստանեց սուրիացիներուն արիւնը թափելու համար:
Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Սուրիոյ դէմ դաւին պարագլուխը Ամերիկան է, իսկ Թուրքիան, Քաթարը եւ Սէուտական Արաբիան միայն անոր գործիքներն են: Ան Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Սուրիոյ անդամակցութեան սառեցումը կազմակերպութեան կանոններուն խախտում մը նկատեց:
Մինչ այդ, Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան չինական «Չայնա Տէյլի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ կեցուածքները` նշելով, որ ինք չինացի պաշտօնատարներուն պիտի փոխանցէ տագնապին իսկական պատկերը:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ժի Չի Շաապանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին սուրիական կառավարութիւնը քաջալերեց ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան կարելի եղածին չափ շուտ սկսելու` Դամասկոսին կոչ ուղղելով նաեւ ժողովուրդին բարեփոխումներու պահանջներուն ընդառաջող քայլեր որդեգրելու:
Ան նշեց, որ Չինաստան եւս Սուրիոյ մէջ կացութեան նկատմամբ «շատ մտահոգ է»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ Ամմանի մէջ իր յորդանանցի պաշտօնակիցին հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ կրնայ միջամտել միայն «միջազգային օրինականութեան ծիրին մէջ: Ան ըսաւ, որ «Ֆրանսա սուրիական ազատ բանակին օժանդակութիւն պիտի չտրամադրէ, սակայն թեքնիք աջակից մը պիտի ըլլայ»:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հրամանագիր մը հրապարակելով Ատնան Ապտօ Սախնին նշանակեց ճարտարարուեստի նախարար, Նաժմ Համատ Ահմետը` արդարադատութեան նախարար, Ապտել Սալամ Նայեֆը առողջապահութեան նախարար, իսկ Սայիտ Մոհամետ Ուահիտ Օքատը` Հալէպի նահանգապետ:
Յայտնենք, որ երէկ Հալէպի մէջ տարեց հայ կին մը զոհ գնաց հրթիռի մը պատահական բեկորին:
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print




