Իրաք Պահչելիի Քերքուք Այցելութեան Արտօնութիւն Չի Տար
By adminx - Fri Aug 17, 7:38 am
- 0 Comments
- 48 views
- Tweet
Email
Print
Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Իրաքի կառավարութիւնը չորեքշաբթի օր մերժած է արտօնութեան դիմումը Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի, որ կը ծրագրէր Ֆիթրի տօնին Քերքուք այցելել:
Պաղտատ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի առանց իրաքեան իշխանութեանց հետ խորհրդակցելու անակնկալ կերպով քարիւղով հարուստ եւ իրաքեան քիւրտերու եւ իրաքեան կեդրոնական կառավարութեան միջեւ վիճելի քաղաք նկատուող Քերքուք այցելելէ ետք յայտարարեց, որ որոշած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկել:
Քերքուք ներկայիս Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան վերահսկողութեան տակ է, սակայն քիւրտերը կը յուսան զայն կցել հիւսիսային Իրաքի իրենց ինքնավար մարզին: Թուրքիա կ՛ընդդիմանայ այդ քայլին` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ այդ քայլը Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութեան մէջ անջատողականութիւնը պիտի քաջալերէ:
Պահչելիի դիմումին մերժումը պատճառ պիտի դառնայ, որ Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը առաւել եւս սրի:
- 0 Comments
- 48 views
- Tweet
Email
Print




