Թուրքիոյ Մէջ Քրտական Տագնապի 28-րդ Տարելիցին Առիթով Կայացած Ցոյցերուն Ընթացքին Բախումներ Տեղի Ունեցած Են
By adminx - Fri Aug 17, 7:37 am
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print
Քրտական տագնապին 28-ամեակին առիթով քիւրտերուն կատարած հերթական ցոյցերը դարձեալ թրքական ոստիկանութեան հետ բախումներու վերածուած են: Բողոքի ցոյցերը տեղի ունեցած են Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Ճիզրէ եւ Հաքարի նահանգներուն մէջ, ուր ցուցարարները ինքնաշարժներ շրջած են կամ զանոնք հրկիզած: Իրաւապահները ցոյցերը ցրուելու համար արցունքաբեր կազ ու ջրաշիթ օգտագործած են:
15 օգոստոս 1984-ին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալ պայքարի սկիզբը կը նկատուի: Յանուն քրտական ինքնավարութեան ընթացող տագնապին ընթացքին քառասուն հազարէ աւելի զոհ արձանագրուած է:
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print



