Saturday May 25, 2013

Ըստ «Հաարեց»-ի Եգիպտոս Առանց Իսրայէլի Հետ Համակարգումի Սինա Ուժեր Կը Փոխադրէ

By adminx - Fri Aug 17, 7:34 am

Եգիպտական ուժեր` Սինայի մէջ

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոս իր բանակէն ուժեր Սինայի մէջ որոշ կէտեր կը տեղափոխէ առանց երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած խաղաղութեան համաձայնութեան հիմամբ նախապէս այդ քայլերը Իսրայէլի հետ համակարգելու, իսկ Իսրայէլ այդ քայլերը կը վաւերացնէ անոնց գործադրութենէն ետք` աւելցնելով, որ Սինայի մէջ գտնուող եգիպտական ուժերուն մէկ մասը Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք Սինայի հիւսիսարեւելեան շրջան փոխադրուած են զինեալ ուժերու դէմ Եգիպտոսի պայքարին ծիրին մէջ:

Օրաթերթը կը պնդէ, որ եգիպտական այլ ուժեր Սինայի թերակղզի փոխադրուած են առանց իսրայէլեան կառավարութեան գիտութեան եւ այս վերջինս այդ քայլերէն տեղեակ եղած է միայն անոնց գործադրութենէն ետք:

«Հաարեց» կը գրէ, որ Իսրայէլի քաղաքական եւ ապահովական հարցերով նախարարաց սեղմ խորհուրդը եգիպտական այդ քայլերուն համաձայնութիւն տուած է անոնց գործադրութենէն ետք միայն:

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը անդրադառնալով օրաթերթի վերոնշեալ հրապարակումին յայտնեց, որ Իսրայէլ եւ Եգիպտոս երկու երկիրներուն առնչակից բոլոր հարցերուն շուրջ մնայուն կապի մէջ են:

 

 

Leave a Reply

Advertisement