Friday May 24, 2013

149 Սուրիահայ Փոքրիկներ Եւս Հայաստան Գացին Հանգստանալու

By adminx - Wed Aug 15, 2:36 am

«Արմաւիա» ընկերութիւնը Tert.am լրատուական կայքէջին յայտնեց, որ «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան ու Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի նիւթական աջակցութեամբ` երէկ Երեւան ժամանեցին 149 սուրիահայ  երեխաներ եւս:

«Արմաւիա»-էն աւելցուցին, որ ընկերութիւնը Երեւան-Հալէպ-Երեւան եւ Երեւան-Դամասկոս-Երեւան թռիչքները կ՛իրականացնէ կառավարութեան հետ միասին:

Յիշեցնենք, որ 9 օգոստոսին Երեւան ժամանեց սուրիահայ երեխաներու առաջին խումբը` 120 երեխաներով: Օդակայանին մէջ զանոնք դիմաւորելու գացած էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, տարածքային կառավարման փոխնախարար  Վաչէ Տէրտէրեան, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը եւ սուրիահայ փոքրիկներու հարազատները:

Leave a Reply

Advertisement