Thursday May 23, 2013

ՀՅԴ Երիտասարդական Գրասենեակը Ներկայացուց Այս Տարի Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցած Բանակումներն Ու Ճամբարները

By adminx - Wed Aug 15, 2:34 am

Պերճ Թորոս, Անահիտ Յարութիւնեան եւ Պերճ Բարսեղեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ Անահիտ Յարութիւնեան երէկ «Ուրբաթ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ` ՀՅԴ արտերկրի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները այս տարի Հայաստանի 8 շրջաններու մէջ 1000-է աւելի պատանիներու համար ճամբարներ ու բանակումներ կազմակերպեցին: Ան աւելցուց, որ ճամբարները եւ բանակումները տեղի ունեցան Վանաձորի, Սիւնիք մարզի, Արցախի, Մարտունի քաղաքի եւ այլ վայրերու մէջ:

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Պերճ Թորոս նշեց, որ միութիւնը ճամբար կազմակերպած էր Քաշաթաղի շրջանի Կովսական գիւղին մէջ գտնուող Թաթուլ Կրպէեանի անուան դպրոցին մէջ: Ճամբարին  մասնակցեցան յարակից քանի մը գիւղերու բազմաթիւ երեխաներ եւ պատանիներ: Ան նաեւ նշեց, որ ճամբարի ընթացքին երեխաներուն հայրենասիրական երգեր կը սորվեցնէին, ինչպէս նաեւ անգլերէնի դասեր կը կազմակերպէին: Անահիտ Յարութիւնեան աւելցուց, որ ճամբարներուն մասնակցութիւնը անվճար եղած է. «Բոլոր ծախսերը կը հոգան միութիւնները` տարուան ընթացքին այդ նպատակով հաւաքուած գումարով»:

Leave a Reply

Advertisement