«Ազգերը Իրենց Պատմութիւնը Կը Կերտեն Ուժո՛վ Եւ Գիտելիքով» Կ՛ըսէ Սէյրան Օհանեան
By adminx - Wed Aug 15, 2:31 am
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ հանդիպում ունեցաւ «Բազէ» 10-րդ համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ: Նախարարը կարեւոր նկատեց երիտասարդական բոլոր այն նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան` նշելով, որ «Բազէ»-ն անոնցմէ մէկն է:
Ըստ նախարարին, այս տեսակի նախաձեռնութիւնները կարեւոր են, քանի որ հայ երիտասարդները կրնան իրարու հետ կապի մէջ մտնել եւ կիսուիլ գիտելիքներով: Նախարարը ընդգծեց, որ ազգերը իրենց պատմութիւնը կը կերտեն ուժով եւ գիտելիքով: Պատասխանելով բազէականներու հարցումներուն` նախարարը խօսեցաւ բանակին, շրջանային քաղաքականութեան, արցախեան ազատամարտին եւ բազէականները յուզող այլ հարցերու մասին:
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print




