Անիի Եկեղեցիները Կը Վերանորոգուին
By adminx - Wed Aug 15, 2:29 am
- 0 Comments
- 75 views
- Tweet
Email
Print
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին մօտ գտնուող պատմական Անի քաղաքի աւերուած եկեղեցիները սկսած են վերանորոգել:
Վերանորոգման աշխատանքները սկսած են Անիի Ամենափրկիչ եւ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցիներուն մէջ: Աշխատանքները կ՛իրականացուին Յուշարձաններու համաշխարհային հիմնադրամի, Կարսի Մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան վարչութեան եւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ֆինանսաւորումով:
Աշխատանքները պիտի տեւեն մինչեւ 15 սեպտեմբեր: Այս ընթացքին վերանորոգուած են նաեւ Անիի տարբեր եկեղեցիներու ճեմուղիներն ու ճամբաները:
Փամուքքալէ համալսարանէն Ֆահրիյէ Պայրամ յայտնած է, թէ արդէն աւարտած են Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ շրջակայքի բարեկարգման եւ մաքրման աշխատանքները: Ան նշած է, որ նշեալ եկեղեցին կառուցուած է 980-ին` աւելցնելով, որ Անին շատ հին պատմութիւն ունի եւ առեւտրական ու կրօնական կեդրոն եղած է: «Այստեղ պէտք է պեղումներ եւ վերանորոգման աշխատանքներ կատարուին: Անոնք պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ տարիներուն», ըսած է ան:
1036-ին Յովհաննէս-Սմբատ թագաւորին կողմէ կառուցուած եկեղեցին վերանորոգուած է 1291 եւ 1342 թուականներուն: 1930-ական թուականներուն կայծակի հարուածէն անիկա երկուքի կիսուած է: Այժմ վերակառուցման աշխատանքներու ծիրին մէջ քանդուած կտորները կը հաւաքուին եւ կը համալրուին: Այս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն քսան մասնագէտներ կը մասնակցին:
- 0 Comments
- 75 views
- Tweet
Email
Print



