Tuesday Jun 18, 2013

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Նախկին Նախագահ Ամին Ժեմայէլը

By adminx - Wed Aug 15, 2:22 am

Ժեմայէլ եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Երէկ` երեքշաբթի, 14 օգոստոս 2012-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի նախկին նախագահ եւ ներկայիս Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Միջին Արեւելքի անցուդարձերը, քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ներքին կացութեան կապուած որոշ հարցեր:

Leave a Reply

Advertisement