Wednesday Jun 19, 2013

Ըստ ՔԱԿ-ի Մարտական Թեւի Հրամանատարին Սուրիոյ Մէջ Ժողովրդավարութեան Գոյութիւնը Քիւրտ Ժողովուրդի Պահանջներուն Նկատմամբ Կեցուածքը Կը Ճշդէ

By adminx - Wed Aug 15, 1:58 am

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) մարտական թեւի ղեկավար Պահուզ Արտալ լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ «մենք Սուրիոյ զարգացումներուն մօտէն կը հետեւինք, սակայն իբրեւ ՔԱԿ մինչեւ հիմա սուրիական հարցին չմիջամտեցինք»:

Ան նշեց, որ իրենք սուրիացի ժողովուրդի յեղափոխութեան եւ ազատութեան ու ժողովրդավարութեան ձգտումին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու` յանուն ազգային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան պայքարին կը զօրակցին, «սակայն կը տեսնենք, որ Սուրիոյ մէջ կռիւը շրջանցած է ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ կռիւ մը ըլլալը, որովհետեւ այդտեղ մարտական գործողութիւններուն  շրջանային եւ միջազգային ուժերու ուղղակի միջամտութիւն գոյութիւն ունի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողը կարելի է Սուրիոյ մէջ եւ Սուրիոյ տիրելու համար կռիւ կոչել, իսկ մենք իբրեւ ՔԱԿ այս տագնապին մէջ որեւէ ուժի ներկայացուցիչը պիտի չըլլանք, սակայն այս հաւասարակշռութեան մէջ երրորդ կողմին կը զօրակցինք, այսինքն` սուրիացի ժողովուրդին իր տարբեր ազգութիւններով, յարանուանութիւններով եւ հատուածներով, յանուն բարօր կեանքի եւ ազգային գոյակցութեան մղած պայքարին: Մենք արաբ եւ քիւրտ եղբայրներուն հետ ենք` փոխադարձ յարգանքի հիմամբ»:

Leave a Reply

Advertisement