Ռայի Պատրիարքը Շարունակեց Աքքար Կատարած Իր Հովուապետական Այցելութիւնը
By adminx - Wed Aug 15, 2:09 am
- 0 Comments
- 81 views
- Tweet
Email
Print
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ շարունակեց Աքքար իր այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ ան ուղղուեցաւ Քըպէյեաթ, ուր դիմաւորուեցաւ ժողովրդային ջերմ ընդունելութեամբ եւ տօնական մթնոլորտի մէջ:
Ապահովութեան ուժերուն որդեգրած խիստ միջոցառումներուն եւ անոնց զուգահեռ կատարուող հրավառութեան ներքեւ, Ռայի պատրիարքը ընդունուեցաւ Տահեր եւ Հըպէյշ քաղաքական ընտանիքներուն կողմէ:
Մարոնի համայնքի պատրիարքը Քըպէյեաթը կոչեց մարոնիներու արծուեբոյնը` աւելցնելով, որ այդ շրջանը այցելել կը նշանակէ սուրբ հողի վրայ ուխտագնացութիւն կատարել:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Քըպէյեաթի բնակչութեան, որ իրենց հողերը չվաճառեն ուրիշին, նոյնիսկ եթէ այդ հողային տարածքները շատ փոքր ըլլան, «որովհետեւ հողը մեր գոյութեան, պատմութեան, պատիւին եւ արժանապատուութեան փաստն է», ըսաւ ան:
Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին նախօրեակին, Ռայի պատրիարքը այցելեց կիսակառոյց Մար Շարպել եկեղեցին, ուր մատուցեց պատարագ մը:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Քանթարա, Քարմէ Ասֆուր, Մազրաաթ Պէյթ Ղաթթաս եւ Մընիարա շրջանները, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Մընիարայի մէջ Ռայի պատրիարքը ողջունեց լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւնները, յատկապէս Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները` շեշտելով, որ Աքքարի մէջ բազմազանութիւնը եւ ազգային գոյակցութիւնն ու միասնականութիւնը զգալի են եւ գնահատելի:
Ռայի պատրիարքը այցելեց Շէյխ Մոհամետ գիւղաքաղաքը, ուր կը գտնուի նաեւ «Թելէ Լիւմիեր» պատկերասփիւռի կայանին կեդրոնը:
Շէյխ Մոհամետ գիւղաքաղաքին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ղեկավարներուն ընդառաջելու հանրապետութեան նախագահին հրաւէրին եւ մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստին:
Ռայի պատրիարքը ուղղուեցաւ նաեւ Պիրէ գիւղաքաղաք, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եւ անոր ընկերակիցին` Մոհամետ Մերհեպի սպանութեան սուգին առիթով:
Շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի զաւակները իրենց հօր համրիչը նուիրեցին Ռայի պատրիարքին:
- 0 Comments
- 81 views
- Tweet
Email
Print



