Ժոմպլաթ. «Տակաւին Մաս Կը Կազմեմ Կառավարութեան»
By adminx - Wed Aug 15, 2:07 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ հակառակ Հըզպալլայի դէմ կատարած իր մագլցողական յայտարարութիւններուն, ինք տակաւին մաս կը կազմէ կառավարութեան եւ դաշնակից է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներուն կատարած յայտարարութիւնները, թէ Լիբանանի մէջ բնակող թուրքերը իրենց կարգին հիւրեր են, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թուրք զինուորները մղած է ապահովական խիստ միջոցառումներու դիմելու:
Միւս կողմէ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով Դիմադրութեան դէմ Ժոմպլաթի արձակած կեցուածքներուն մասին հարցումի մը, ըսաւ, որ այդ մասին ոչ մէկ մեկնաբանութիւն կ՛ուզէ կատարել` աւելցնելով, որ Ժոմպլաթի յայտարարութիւնները զարմանք չեն պատճառեր, որովհետեւ իրենք արդէն իսկ ընտելացած են անոր փոփոխական եւ գոյնզգոյն կեցուածքներուն:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print



