Saturday May 25, 2013

Ժետտայի Խորհրդաժողովին Ընթացքին. «Լիբանան Չէզոք Կը Մնայ Սուրիոյ Վերաբերող Որոշումէն» Շեշտեց Ատնան Մանսուր

By adminx - Wed Aug 15, 2:05 am

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Ժետտայի մէջ տեղի ունեցած Իսլամ երկիրներու խորհրդաժողով կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներուն նիստին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապին առումով Լիբանան կառչած կը մնայ իր չէզոք կեցուածքին, որովհետեւ Լիբանան համոզուած է, որ Սուրիոյ տագնապին միակ լուծումը ներքին քաղաքական երկխօսութիւնն է` իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ:

Մանսուր հաստատեց նաեւ այն համոզումը, որ արտաքին միջամտութիւնները, զէնքի մաքսանենգումը եւ դէպի Սուրիա զինեալներու առաքումը պիտի բարդացնեն Սուրիոյ տագնապը եւ պիտի սպառնան երկրին հողային ամբողջականութեան, միասնականութեան եւ գերիշխանութեան:

Մանսուր ընդգծեց, որ Լիբանան չէզոք է Սուրիոյ վերաբերող որոշումէն:

Նշենք, որ Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Ալի Աքպար Սալեհիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:

Leave a Reply

Advertisement