Sunday May 19, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Wed Aug 15, 2:05 am

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը իրեն վախ չի պատճառեր`  աւելցնելով, որ ինք նոյնիսկ մեծամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքով յաղթանակ պիտի արձանագրէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Հըզպալլա ամբողջ աշխարհին փաստած է իր ռազմավարութեան յաջողութիւնը: Ան ըսաւ, որ «այդ ռազմավարութեան շնորհիւ է, որ մենք արգիլած ենք թշնամի Իսրայէլին Լիբանանի վրայ պայմաններ պարտադրել»:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ներկայ կառավարութեան գոյատեւումը մինչեւ 14 մարտ աւելի լաւ է, որովհետեւ կառավարական այլ կազմի մը գոյութիւնը Լիբանանին վնաս պիտի հասցնէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Ղասսան Մուխայպեր զօրակցութիւն յայտնեց համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած եւ Լիբանանը միջակ ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքին վաւերացումին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը դէպի անկախ պետութիւն անցնելու գլխաւոր մուտքն է:

ԻՍԼԱՄ կրօնաւորները երէկ զգուշացուցին նախապատրաստուող ներքին լիբանանեան սադրանքներէն` հաստատելով, որ իրենք կը մերժեն Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն տեղակայումը:

ԶԱՀԼԷԻ երեսփոխանները կոչ ուղղեցին Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու եւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը վտարելու:

 

Leave a Reply

Advertisement