Կարեւոր Նուաճում Մը` Լիբանանահայութեան Համար. Յակոբ Տեմիրճեան Ա. Կարգի Մարզիչի Աստիճան Ստացաւ
By adminx - Wed Aug 15, 1:07 am
- 0 Comments
- 114 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ հսկողութեամբ ու հովանաւորութեամբ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին, 3 – 29 յունիսին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցան մարզիչի Ա. կարգի քննութիւններ:
Այս քննութիւններուն մասնակցեցան բոլոր անոնք, որոնք արդէն իսկ ունէին Բ. կարգի աստիճան:
Տեղի ունեցած այս քննութիւններուն հսկեց (դաշտին վրայ) եւ դասախօսեց (սրահի մէջ) Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ նշանակուած քաթարցի Ահմետ Օմար Ֆըսթոք:
Անոր մասնակցեցան Բ. կարգի աստիճան ունեցող 15 անձեր, որոնցմէ ութը` լիբանանցի, իսկ մնացեալը` օտարահպատակ (Սուրիայէն, Քաթարէն, Հոլանտայէն, եւ այն):
Լիբանանահայութեան եւ ՀՄԸՄ-ի անունը եկաւ բարձր պահելու Յակոբ Տեմիրճեան, որ յաջողելով այս քննութիւններուն ստացաւ Ա. կարգի մարզիչի աստիճան:
Ան ոչ միայն 11 լիբանանցիներէն մէկը հանդիսացաւ (ցարդ յաջողած), որ Ա. կարգի աստիճան կը ստանայ, այլ նաեւ առաջին հայը` թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ ալ Ասիոյ մէջ, որ կը հասնի այս աստիճանին:
Կը շնորհաւորենք Յակոբ Տեմիրճեանը եւ անոր կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:
- 0 Comments
- 114 views
- Tweet
Email
Print




