Wednesday May 22, 2013

Հայկական Ֆութպոլ. Իրաւարարները Ներում Կը Հայցեն Գանձասարէն Եւ Անոր Համակիրներէն

By adminx - Wed Aug 15, 12:58 am

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ 9 օգոստոսին տեղի ունեցած Փիւնիկ-Գանձասար մրցումին իրաւարարները ներում հայցած են Գանձասարէն եւ անոր համակիրներէն:

Արդարեւ, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած այս մրցումին, իրաւարարներուն թոյլ տուած սխալը ազդած է մրցումին արդիւնքին վրայ եւ բնականաբար դժգոհութեան ալիք մը բարձրացուցած Գանձասարի եւ անոր համակիրներուն մօտ:

Օրուան գլխաւոր (կեդրոնի) իրաւարար Սուրէն Պալիեան եւ օգնական իրաւարար Արմէն Կոստանեան, հրապարակաւ դիմած են Գանձասարի ու անոր համակիրներուն եւ կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Նկատի ունենալով, որ ես էի այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարը, կու գամ Գանձասարէն, անոր պատասխանատուներէն, մարզիկներէն եւ համակիրներէն ներում հայցելու կատարուած այդ ակամայ սխալին համար: 67-րդ վայրկեանին Գանձասար իր բերդին մէջ ստացաւ կոլ մը, որ ի յայտ եկաւ, որ օֆ-սայտ էր: Իմ օգնականս, նախքան ատիկա տեղի ունենալը, իր պարտականութիւնը կը կատարէր անթերի: Երբ ան նշանակուած այդ կոլէն ետք չբարձրացուց իր դրօշակը, ես մրցումը շարունակեցի, որովհետեւ ոչ մէկ ձեւով կասկածեցայ անոր վրայ»:

Leave a Reply

Advertisement