Հաղորդագրութիւն
By adminx - Wed Aug 15, 12:48 am
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը օրեր առաջ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահութիւնը որոշած է ստեղծել դրամատնային յատուկ հաշիւ` սուրիահայութեան օժանդակութեան համար: Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ յստակօրէն կը նշուի, որ «Հայաստան» հիմնադրամի վերահսկողութեամբ հանգանակուած գումարները ամբողջութեամբ կը փոխանցուին Սուրիոյ հայ համայնքի Ազգային իշխանութեան եւ սուրիահայ համայնքին օժանդակութեան համար ստեղծուած համակարգող մարմինին, որ իր հայեցողութեամբ պիտի յատկացնէ այդ գումարները` ծագող հարցերուն առաւել արդիւնաւէտ լուծում տալու համար:
Արդարեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը` անսալով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կոչին եւ սուրիահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու համար, իրերայաջորդ դրամահաւաքներու ընթացքին, համայն լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուած գումարէն հինգ հազար ամերիկեան տոլարի յատկացում մը կը փոխանցէ սուրիահայութեան օժանդակութեան դրամատնային յատուկ հաշիւին:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը յոյսով է, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի այլ մասնաճիւղեր նոյնպէս կը հետեւին իր օրինակին եւ սուրիահայ գաղութի ճակատագրական այս օրերուն ու դժնդակ պայմաններուն նիւթապէս եւ բարոյապէս թեւ ու թիկունք կը կանգնին սփիւռքի մայր գաղութին` միշտ ի մտի ունենալով, որ հզօր սփիւռքը երաշխիքն է հզօր հայրենիքին:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի
Լիբանանի Գործադիր Մարմին
Պէյրութ, 14 Օգոստոս 2012
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print



